Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ՀԻՆԳ ՀՈԳԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով ձերբակալուեցան ոստիկան զօրաց հինգ անդամներ։ Իսթանպուլի Հանրապետական Աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու հետաքննութեան բաժանմունքին կողմէ յառաջ տարուած գործին հիման վրայ անոնք ձերբակալուեցան՝ զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով։ Ձերբակալեալները կ՚ամբաստանուին նաեւ սահմանադրական համակարգը ջնջել փորձով։ Ապացոյցները հաշուի առնելով մերժուեցաւ անոնց ձերբակալութիւնը՝ դիտումնաւոր մարդասպանութեան հանգամանքով։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016