ՍԱԳՕ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԾԱՆՐՕՐԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Հա­լէ­պի մէջ սաստ­կա­ցած բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուե­ցաւ հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն Սա­գօ Գու­յում­ճեան։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, քա­ղա­քի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րէն Նոր Գիւ­ղէն անց­նե­լու ժա­մա­նակ ի­րեն զու­գա­դի­պած է փամ­փուշտ մը։ Սա­գօ Գու­յու­ճեան, ո­րու վի­ճա­կը ծանր է, ներ­կա­յիս դար­ման­ման տակ կը գտնուի «Ալ Ռա­զի» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ Հարկ է նշել, որ փամ­փուշ­տը զու­գա­դի­պած է իր գլխուն։

47-ա­մեայ Սա­գօ Գու­յում­ճեան կ՚ան­դա­մակ­ցի Հա­լէ­պի Հայ մարմ­նակր­թա­կան միու­թեան։ Ան որ­պէս ե­րա­ժիշտ ու վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած է տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քէն ներս։

ՔԱ­ՂԱ­ՔԻՆ ՎԻ­ՃԱ­ԿԸ

Միւս կող­մէ, Շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Հա­լէ­պի մէջ տի­րող հա­մե­մա­տա­կան հան­դար­տու­թիւ­նը խախ­տուի եւ կող­մե­րը վե­րա­դառ­նան զի­նուո­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: Այս մա­սին կը փո­խան­ցէ ա­րա­բա­տառ «Ալ Սա­ֆիր» պար­բե­րա­կա­նը յղում ը­նե­լով՝ ռուս բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րու: Աղ­բիւ­րը նաեւ կը նշէ, թէ անց­նող օ­րե­րուն հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­ներ ծանր կո­րուստ­ներ կրած են, կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ, թէ 7000 զի­նեալ­ներ կը գտնուին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու թէժ թա­տե­րա­բեմ դար­ձած  քա­ղա­քի հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան շրջան­նե­րուն մէջ: Աղ­բիւ­րը կը փո­խան­ցէ նաեւ, որ ինչ­պէս մօ­տիկ ան­ցեա­լին, այ­սօր ռու­սա­կան կող­մը մտա­դիր չէ դադ­րեց­նել մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն մարդ­ա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան եօթ անց­քեր, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ հե­ռա­նալ ու­զող զի­նեալ­նե­րը կրնան հե­ռա­նալ եւ շրջա­նին մէջ ծանր վի­ճակ­նե­րու մատ­նուած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար կ՚ա­պա­հո­վուի անվ­տանգ ել­քի ճա­նա­պարհ մը: Իր կար­գին, Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կը յա­ւե­լեալ կու­տա­կում­ներ կը կա­տա­րէ եւ կը պատ­րաս­տուի շատ հա­ւա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ծա­ւա­լե­լիք պա­տե­րազ­մա­կան մար­տե­րուն: Ըստ ռու­սա­կան բա­նա­կի մէկ բան­բե­րին, ի­րենց տնօ­րի­նու­մով Հա­լէ­պի մէջ օ­րա­կան ե­րեք ժա­մով հրա­դա­դա­րի դրու­թիւն պի­տի հաս­տա­տուի:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016