ՖՐԵԶՆՈՅԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ֆրեզ­նո­յի, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­ր, Հայ­կա­կան թան­գա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Սեպ­տեմ­բեր 2-Դեկ­տեմ­բեր 16 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին նուի­րուած իւ­րա­յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Ար­ցա­խի Ո­գին» խո­րագ­րեալ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ուր­բաթ, Սեպ­տեմ­բե­րի 2-ին, իսկ ա­նոր մի­ջո­ցաւ լու­սար­ձա­կի տակ պի­տի առ­նուի դա­րե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին մղած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը, որ կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ այ­սօր։

Մօ­տա­ւո­րա­պէս քսան ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու վրայ, քար­տէս­նե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Ար­ցա­խի մօ­տա­ւո­րա­պէս 2500 տա­րուան պատ­մու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին ար­ցախ­ցի­նե­րը դէմ դրած են զի­րենք ստրկաց­նե­լու մի­տող պար­սիկ­նե­րու, ռու­սե­րու եւ այ­լոց ջան­քե­րուն՝ պահ­պա­նե­լով ի­րենց ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը, ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու կրօն­քը։

Յա­տուկ տեղ պի­տի տրա­մադ­րուի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի հաս­տա­տած Ա­մա­րաս վան­քի վար­ժա­րա­նին, Ար­ցա­խի գոր­գա­գոր­ծու­թեան եւ գի­նե­գոր­ծու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին հա­մար տա­րուած պայ­քա­րին։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը պատ­րաս­տող գլխա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներն են Ռու­բիկ Քո­չա­րեան եւ Ա­րեւ Պետ­րո­սեան։

Ֆրեզ­նո­յի Հայ­կա­կան թան­գա­րա­նը հան­րա­յին սպա­սար­կու­թեանց ոչ հա­սու­թա­բեր հաս­տա­տու­թիւն մըն է, որ Հայ ճար­տա­րա­գի­տա­կան խում­բին (ATG) կող­մէ հաս­տա­տուած է 2003 թուա­կա­նին։ Ա­նի­կա կը գտնուի Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի Ֆրեզ­նո­յի մաս­նա­ճիւ­ղին մէ­ջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016