«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԵՒԱՆ» ՄՐՑՈՅԹ-ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, վաղը տեղի կ՚ունենայ «Երիտասարդ Երեւան» տիճէյներու մրցոյթ-փառատօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2017» եռամսեայ միջոցառումներու ծրագրով կազմակերպուող մրցոյթ-փառատօնը նուիրուած է Երիտասարդներու միջազգային օրուան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017