ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԵՐԱՓՈԽԵԱԼ

Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարանին՝ «Շարակնոց»ի սրբասուն հեղինակները շատ գեղեցիկ բառերով բնութագրած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անձը, գեղեցիկ ածականներով զարդարելով Իր օրինակելի կենցաղի գեղեցկութիւնը։ Սրբազան շարականագիրներու առընթեր Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն աղօթողը՝ Նարեկայ վանքի աննման վարդապետը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւս գործածած սքանչելի ածականներով գեղակերտած է յուշակոթող մը, որ այսօր եւս կը սքանչացնէ ընթերցող հաւատացեալները։ Ածականներ, որոնք ոչ միայն Աստուածամայրը կը մեծարեն, այլ նաեւ ընթերցող հաւատացեալը բառարաններու հետ կը բարեկամացնեն։ Բառեր, որոնք թէեւ այսօր գրեթէ անգործածելի մնացած են մերօրեայ պայմաններուն մէջ, սակայն կը պահեն իրենց արժէքը, որպէս համեստ ընծայ մեր ոսկեղնիկ բարբառէն, առ ոտս Աստուածամօր։

Ապաւինելով սուրբ անձերու ներողամտութեան կը համարձակինք խոնարհաբար ըսել. «Արժան եւ իրաւ»։ Ինչ բառեր որ ալ գործածուին, բոլորը կը տկարանան Աստուածամօր հրաշալի կեանքի լոյսին առջեւ։ Ամէն անգամ որ Աստուածամօր սրբասնեալ վարքի մասին տողեր կը կարդանք, գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ մեղաւոր մարդը փրկելու Իր ծրագրին մէջ կարեւոր դեր սահմանած է Սուրբ Կոյս Մարիամին։ Ուստի միշտ կը դիմենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, Անոր՝ որ յօժարութեամբ ենթարկուած էր Աստուծոյ կամքին, ծնունդ տալով՝ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Աստուածամօր մասին կ՚ըսէ. «Իսկ Դուն Սուրբ Աստուածածին, ընտրուած մաքուր սերունդէ եւ զանգուածէ, կրեցիր զայն քու մէջդ բարեհաճ կամքի ախորժ հանգիստով, ըլլալով բանական բոյսի անձնաւոր երկիր եւ կեանքի հացին զգալի անդաստան…» (Թարգմանութիւն Նորայր Արքեպս. Պօղարեանի)։ Եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ Յովակիմի եւ Աննայի դուստրը Սուրբ Կոյս Մարիամը եղած է ուխտի զաւակ։ Իր ծնողքը, աղօթքով եւ համբերութեամբ կ՚ակնկալէին, թէ Աստուած պիտի օրհնէր իրենց ընտանիքը, զաւակ մը պարգեւելով։ Եւ Մարիամ ծնաւ այսպիսի յարկի մը ներքեւ, որպէս պտուղ՝ հաւատաւոր աղօթքներու։ Հասակ նետեց կրօնաբոյր մթնոլորտի մէջ։ Աստուածսիրութիւնը եւ աստուածպաշտութիւնը եղան իր կեանքի նշանաբանները եւ ի վերջոյ իր մաքրամաքուր կեանքովը եղաւ Աստուծոյ ընտրելին։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ եթէ Մարիամ չըլլար, Աստուած ուրիշի մը միջոցաւ պիտի իրագործէր Իր ծրագիրը։ Սակայն ճշմարտութիւն է, թէ Աստուած զԱյն ընտրեց։ Կարեւորը Անոր ընտրուած ըլլալն է։ Ան, Գաբրիէլ հրեշտակապետի ողջոյնի բառերովը հրաւիրուեցաւ «ուրախանալու», քանի որ «Տէրը Անոր հետ էր» (Ղուկաս, 1.28)։ Աստուծոյ նախախնամական տնօրինութիւնները վեր են մեր իմացական կարողութենէն, ուստի գուցէ Սուրբ Կոյսը ի սկզբանէ նախասահմանուած էր այս գերագոյն եւ սրբազան նպատակին համար։ Կը յիշենք Պօղոս առաքեալի խօսքը. «մարդոցմէ ո՞վ է որ բան մը գիտէ մարդուն մասին, եթէ ոչ մարդուս հոգին որ անոր մէջն է։ Այսպէս ալ ոչ ոք գիտէ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ Աստուծոյ Հոգին» (Ա. Կորնթացիս, 2.11)։ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Աբրահամ նահապետի նման հաւատաց եւ վստահեցաւ Աստուծոյ Խօսքին։ «Սուրբ Հոգին եկաւ Անոր վրայ, Բարձրեալի զօրութիւնը հովանի եղաւ Իրեն», ու «Աստուծմէ շնորհք գտած Սուրբ Կոյսը» յղացաւ ու ծնաւ տիեզերքի Փրկիչը (Ղուկաս, 1.35)։ Հետեւելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին՝ կը յիշենք, թէ Սուրբ Կոյսը եղաւ բերրի հողը, որմէ անցաւ Աստուծոյ Խօսքը եւ ծագեցաւ որպէս «Արդարութեան Արեգակ» (Մաղաքիա, 4.2)։ Եղաւ բերրի արտը, որ պարգեւեց, նոր կեանքի Մանանան՝ Կեանքի Հացը, մարմինը՝ Քրիստոսի «որ պիտի տրուէր աշխարհի կեանքին համար»… «որուն մօտեցողը պիտի չանօթենար»… «ով որ անկէ ուտէր յաւիտեան պիտի ապրէր» (Յովհաննէս, 6. 35,52)։ Սուրբ Կոյսը ապրեցաւ ու վկան դարձաւ այս հրաշալի խորհուրդներու յայտնութեանց։

Կարելի՞ էր որ հասարակ մահկանացուի մը նման մնար գերեզմանի մը մէջ ու ապականութիւն ու փտութիւն տեսնէր իր սուրբ մարմինը։ Սաղմոսաց Գիրքի մէջ կը կարդանք. «Վասնզի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս» (Գիրք Սաղմոսաց, 16.10)։ Սուրբ գրային այս համարը կը կարդանք Քրիստոսի անապական թաղման տնօրինութեան յիշատակութեան առթիւ, որ Պետրոս առաքեալի խօսքով ակնարկութիւն է Փրկչի Սուրբ Յարութեան (Գործք, 2.31)։ Այս Սուրբ գրական համարը կը պատշաճեցուի նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, որ իր մահկանացուն կնքելէ յետոյ երկինք փոխադրուեցաւ հրաշալի պայմաններով։ Աստուածամայրը արժանացաւ երկինք փոխադրուելու, որովհետեւ իր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը միշտ գերադասեց ու ցուցաբերեց՝ հաւատաւոր կեցուածք, օրինակ հանդիսանալով ապագայ սերունդներուն։ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուեցաւ, որովհետեւ Ան եղաւ Արարչագործ Աստուծոյ կենարար Խօսքին բնակարանը, մարմին տալով Անոր եւ աշխարհ բերելով Յիսուս Քրիստոսը։ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուեցաւ, որովհետեւ վիրաւորեալ սրտով ու համբերութեամբ կրեց իր անսահման վիշտը՝ տեսնելով իր Որդին չարչարուած, նախատուած ու խաչուած։ Աստուածամայրը երկինք փոխադրուեցաւ, որովհետեւ Ան եղաւ սուրբերու թագուհին, որուն կը դիմեն սրբոց բարեխօսութեան հաւատք ընծայողներ։

Այս տաղաւարը նաեւ մեր ազգային եկեղեցական աւանդութեամբ «Մայրերու օր» է եւ եկեղեցին որպէս մայրութեան տիպար կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսի անձը։ Բացառութիւնները միշտ յարգելով կ՚անդրադառնանք, թէ մերօրեայ ընկերային պայմաններուն բերմամբ դժբախտաբար տկարացած է աստուածպաշտութեան, աստուածսիրութեան եւ անոնց հետ կապուած եկեղեցասիրութեան զգացումները եւ կրօնաբոյր մթնոլորտը մեր ընտանեկան յարկերէն ներս։ Հետեւաբար Տիրամօր աղօթանուէր կեանքը կու գայ յիշեցնել բոլորիս, յատկապէս մայրերուն, այս զգացումներուն կարեւորութիւնը մեր ընտանիքներու առողջ գոյատեւման համար։ Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ Քրիստոսի Մարմինը՝ Սուրբ Եկեղեցին շինուած է Աստուծոյ օրհնութեամբ քար առ քար, Սուրբ Կոյսի հաւատաւոր կեանքի օրինակով ընթացած հաւատքի ախոյեաններու շնորհիւ։ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին կը հրաւիրուինք եկեղեցւոյ քարերը ամրացնելու եւ ամուր պահելու։ Մեր աղօթքը պիտի ըլլայ, որ անտարբերութիւնը, որ վնասակար է, մնայուն բնակութիւն չգտնէ մեր կեանքերէն ներս։ Քար առ քար կառուցուած մեր աղօթքի տուները չլքուին, առանձին չթողուին եւ մանաւանդ բարոյական աւերակներու չվերածուին։ Քանի որ եկեղեցին կը բարձրանայ եւ հաւատքի կենսունակութեան վկայութիւնը կու տայ «քահանայի եւ ժողովուրդի» միասնական աղօթակցութեամբ, առաջի Սրբոյ Սեղանոյ։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ մենք որպէս ժողովուրդ այս օրերուն առաւել եւս կարիքը ունինք նախ վերաթարմացնելու աղօթքի զօրութեան նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքը։ Ապա կարիքը ունինք թարմացեալ հաւատքով բոլորով սրտիւ աղօթելու, վասն անսասանութեան Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր նուիրապետական Աթոռներուն, գլխաւորութեամբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վասն «յամերամ ժամանակօք ապահով անդորրութեան» Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Ժամագիրքի բառերով դիմենք Սուրբ Կոյս Աստուածամօր բարեխօսութեան ըսելով. «Աստուածածին անհարսնացեալ, անսկիզբ Խօսքն յղացար եւ անիմանալի Աստուածը ծնար։ Դուն անպարագրելին գիրկդ առիր, անդադար բարեխօսէ Անոր մեր անձերուն համար»։ Փառք Ամենասուրբ Երրորդութեան, Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

6 օգոստոս 2018, Գնալը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018