ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ

«Այ­սօր Աս­տուած Բա­նը, նա­խա­մայ­րը մեղ­քէն ա­զա­տող կոյ­սե­րուն մայ­րը,
եր­կինք փո­խադ­րեց»։ 
(Օրհ­նու­թեան Շա­րա­կան՝ Վե­րա­փոխ­ման)

 

Օգոստոսի առաջին կէսին անգամ մը եւս կը պատրաստուինք մեծահանդէս արարողութիւններով մեծարել Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը։ Հաւատացեալներս կը միանանք Ս. Կոյսի կեանքի խորհուրդին եւ կը փորձենք աւելի լաւ ճանչնալ «Աստուածածին» կոչումի իւրայատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը։ Տաղաւար մը, որ պատմութեան երկարաշունչ ճանապարհներէն անցնելով հասած է մինչեւ այսօր։ Տաղաւար մը, որուն խորհուրդին խառնուած է մօրենական ապրումներ, հաւատք, նեղութիւն ու խնդութիւն։ Տաղաւար մը, որուն հիմնաքարերուն միացած է ազգային եւ եկեղեցական ապրումներ ու աւանդութիւններ։ Սովորական յիշատակութիւն մը չէ այս մէկը, քանի ունինք տաղաւար մը, որուն մէջ ներկայ է մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս, իր շատ սիրելի աշակերտները եւ նոյնինքն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը։ Եկեղեցական աւանդութիւնը կը նկարագրէ դէպքը ըստ հետեւեալի. Աստուած չ՚արտօներ, որ «Աստուծոյ Խօսք»ին բնակարան դարձած Սրբուհւոյ մարմինը ապականի մեղայական աշխարհի հողին մէջ։ Շարականի խօսքերը կը վկայեն վերափոխման դէպքին ու ներբողական տողերով կը շեշտադրեն, թէ՝ ո՞վ է վերափոխեալը. «Այսօր Աստուած Բանը, նախամայրը մեղքէն ազատող կոյսերուն մայրը, երկինք փոխադրեց»։ Ուստի, այս տաղաւարը կը տօնենք հրճուողական ձայնով աղօթելով, զուարճանալով, մտորելով ու այս բոլորին ընդմէջէն մեր որդիական աղաչանքը կը ներկայացնենք Ս. Կոյս Աստուածածնին։

Սիրուած աղախին Աստուծոյ ու սիրող մայր համայն քրիստոնէից… Աստուածածնի կենաց բազում հանգրուաններէն, ընդհանրապէս կարեւորագոյն պահերը կը յայտնուին Ս. Գիրքի տողերուն ընդմէջէն։ Նախամայր Եւայէն հասած մահաբեր անէծքը փարատելու համար, Մարդասէր Աստուած իր ամենաբաւական ողորմութեամբը ծրագիր մը մշակած էր։ Պիտի ծնէր մանուկ մը, որ պիտի փրկէր մարդկութիւնը մեղքի աղէտէն, մարդկութիւնը իր պարանոցէն պիտի թօթափէր Սատանայի ծանր կապանքները։ Ահա, Աստուածային սուրբ ծրագիրի հիմնական ծառան դարձաւ Ս. Կոյս Մարիամը։ Պարզութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ իմաստութեամբ ծանօթ, կարճ, բայց իր խորունկ իմաստով զարդարուած տողերը լսելի դարձան երիտասարդ Մարիամի բերնէն. «Տիրոջ աղախինն եմ ես» (Ղուկ. Ա.1)։ Կա՞յ աւելի գեղեցիկ խօսքը մը, որ բացատրէ Մարիամի բովանդակ կեանքը ու Իր կենաց ուղին խտացնէ քանի մը տողերու մէջ։ Իր արտասանած խօսքը, կը կեդրոնանայ «հաւատարմութեան» գաղափարին շուրջ։ Սիրուած աղախինը, հաւատարմութեամբ ընդառաջեց Աստուծոյ հրաւէրին ու դարձաւ «Մայր Անարատ Էմմանուէլի»։ Աղախինը սովորական մօրմէ տարբերութիւն ունեցաւ, քանի իր սէրը միացաւ իրմէ կատարելապէս ծնած «Երկնքի եւ Երկրի Տիրոջ» ու ան դառնալով սիրոյ ակ՝ ու մօրենական սէրը ընդարձակուելով ընդարձակուեցաւ։ Աստուած, ուղղակիօրէն Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ աշխատեցաւ Սիրուած Աղախինին մէջ։ Մարիամի Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած սէրը առաջնորդեց հաւատարմութեան, իսկ՝ նոյն հաւատարմութիւնը առաջնորդեց, որ Ան դառնայ «Աստուածածին»։ Արդեօք պարզապէս Ս. Գիրքի տողերէն յայտնուած սրբուհի՞ մըն է Մարիամը։ Շատեր գովասանական տողերով կը մատնանշեն, թէ ան օգնականն է սայթաքողին ու լոյսն է կոյրին։ Ուր որ կայ Սրբուհին, հոն կայ Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ սէր, խոնարհութիւն ու հնազանդութիւն։ Քրիստոսի արեան միջոցաւ փրկուածներ հոգեւոր զաւակներն են նաեւ Սուրբ Կոյս Աստուածածնին։ Այս առումով Մարիամի զաւակները իրենց կեցուածքով կը պատռեն երկնքի ամպերը եւ հաւատքով ու սիրով իրենց հոգին կը վերափոխեն դէպի Երկինք։ Մարիամի զաւակները, սիրով կը բանան երկնքի սահանքները, ուրկէ Իր իսկ Փրկիչը կը միանայ արտասուալից աղօթքին, հոգեշունչ շարականին, շնորհալի փափաքին ու բարեսէր կամքին։ Գրիգոր Նարեկացիի խօսքով. «Ան է շնչաւոր եդեմը, բոցեղէն սուրով պարունակուած անմահարար կեանքի ծառը» (Բան Ձ)։

Սուրբ Մարիամը, Իր վեհ նկարագիրով թէ՛ Աստուածընկալ աղախին դարձաւ եւ թէ իր կեանքի օրինակով հաւատքի սիւներէն մին եղաւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ։ Հաւատացեալներ ո՛չ միայն հիացումով կը դիտեն Աստուածածինը, ո՛չ միայն բարեխօսութեանը կը դիմեն Երկնաւոր Թագուհիին, այլ՝ Սուրբ գրային տողերէ ճառագայթող Իր կեանքի օրինակէն մաս ու բաժին գտնելու կամքը կը դրսեւորեն։ Բարձրաբերձ շինուածքի մը հիմերը, հողին մէջ կը թաղուին, կը մնան եւ ամենայն հաւատարմութեամբ իրենց պաշտօնը կը կատարեն։ Առանց հաստատուն հիմքերու, շինուածքի մը կայունութիւնը կարելի՞ է։ Իսկ եթէ ունինք հիմքը, առանց շաղախի որմ մը իսկ բարձրացնել հնա՞ր է։ Աստուածածնայ կեանքի վսեմութիւնը, կը մարմնաւորէ այս օրինակը։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան, դարձած է մեր անձնական ու հաւաքական կեանքի սուրբ հիմքերէն մին։ Մենք Աստուածածնէ ծնած Քրիստոսով ունինք «մեղքի վրայ յաղթանակ շահած» հիմք մը։ Մենք Աստուածածնէ ծնած Քրիստոսով ունինք կեանք ու շունչ բուրող հաստատուն հիմք մը։ Մենք միայն Աստուածածնէ ծնած Քրիստոսով ունինք նեղութեան դիմաց մխիթարութիւն, տկարութեան դիմաց զօրութիւն, խռովութեան դիմաց խաղաղութիւն եւ յուսալքութեան դիմաց յուսադրանք։ Հետեւաբար, հաւատացեալին կը մնայ հաստատուիլ անշարժ հիմքերու վրայ, շաղախ դառնալ ու որմ բարձրացնել հաւատքի կեանքէ ներս։

Ուստի, հաւատացեալի առջեւ գոյութիւն ունի երկու գործընթաց։ Առաջին՝ պէտք է անդրադառնայ իր հաւատքի հիմքը հանդիսացող Յիսուս Քրիստոսին ու իր շուրջ համախմբուած սուրբերու կեանքի օրինակներուն։ Աստուածածնայ Վերափոխման տաղաւարին մենք այս կը շեշտադրենք, մասնաւորապէս Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի վարքին անդրադառնալով։ Այս տօնին կը գտնենք սրտի միութեան, հոգւոյ միութեան եւ իղձի միութեան սրբազան գաղտնիքը։ Հաւատքի ու հաւատարմութեան մօր ներկայութիւնը կը գտնուի մեր առջեւ։ Իսկ երկրորդ՝ որպէս անհատ, գիտակցած ըլլալով ամուր հիմքերու ներկայութեան, հնազանդ մնալով այս ներկայութեան խորհուրդին, հոգեպէս ու բարոյապէս պէտք է զարգացնէ իր կեանքը։ Որքա՜ն երանելի է այն անհատը, որ Աստուածամօր կենցաղէն կը սնանի, հոգեպէս կը զօրանայ ու Աստուածամօր հաւատք ընծայած Փրկիչը բարձր պատնէշի վրայ կը բռնէ։ Որքա՜ն երանելի է այն հաւատացեալը, որուն համար ցնծութիւն է Ս. Մարիամի անունն ու ներկայութիւնը։ Երանելի է այն անձը, որ ինք իսկ վկան կը դառնայ, թէ «Տիրոջ աղախին» ըլլալու պտուղը որքա՜ն անոյշ ու քաղցրահամ է։ Այլ խօսքով, նայինք մեր հայ քրիստոնէական ինքնութեան, նայինք անցեալին, ուր պիտի գտնենք Աստուծոյ եւ Աստուածածնի ներկայութեամբ բիւրաւոր օրհնութեանց արժանացած հայ ժողովուրդը։ Անցեալի դարաւոր ծալքերէն պիտի հնչէ երանութեան մեղեդիներ։ Պիտի տեսնենք, թէ Հայ Եկեղեցին ու եկեղեցւոյ զաւակները որոշակիօրէն նոյնացած են Աստուածամօր հետ, տեսնելով իրենց սրտին մէջ թէ՛ ցաւը եւ թէ փառքը։ Աւելի քան 2000 տարուան անցեալը կը վկայէ Աստուածածնի ներկայութեան, իսկ այսօր՝ ժամանակը հասած է ներկայ սերունդին։ Եկէ՛ք մենք եւս յիշենք մեր նախնեաց Աստուծոյ հնազանդութեան ուխտը ու հետեւինք կենսաբեր ձայնին։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Վերափոխման Ս. Աստուածածնի տօնին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նաեւ Աստուածածնի տօնակատարութիւնները տարբեր իմաստ կը շահին։ Հարկ է յիշեցնել, թէ Քրիստոսի փառքին ընծայուած այս տաճարի նախնական անունն է Ս. Աստուածածին։ Հետեւաբար Ս. Եկեղեցւոյս մէջ կատարուած արարողութիւններով պատմականօրէն մեր բարոյական կապը կը միանայ եկեղեցւոյս հիմնադիրներուն, հոգեւոր սպասաւորներուն ու մասնաւորապէս ի Տէր ննջած երբեմնի գատըգիւղցիներուն։ Կը յիշատակենք ազգային-եկեղեցական կեանքի բարւոյն համար աշխատող անձերը։ Այս առթիւ կը դիմենք Ս. Աստուածածնի բարեխօսութեան, որպէսզի Աստուած ընդմիշտ հովանի ըլլայ մեր եկեղեցւոյ ու իր հաւատացեալ հօտին։

Ս. Աստուածածնի տօնին, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներ նաեւ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք Մայր Աթոր Սուրբ Էջմիածնի վրայ, քանի Քրիստոսահիմն Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը նուիրուած է Ս. Աստուածածնի անուան։ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, այս տաղաւարը եւս լաւ օգտագործելով խորհրդաւոր միութեամբ կ՚աղօթենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար ըսելով. «Տէր անսասան պահիր դու միշտ, քու իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»։ Հայ Եկեղեցին Ս. Աստուածածինը շարականի տողերուն մէջ կը նմանցնէ «Մաքուր աղաւնիի եւ երկնքի հարս»ին։ Հետեւաբար այս տօնին կ՚աղօթենք, որ մեր մաղթանքները հասնին դէպի երկինք բարձրացած Ս. Աստուածածնին։ Իր բարեխօսութեամբը փարատին Հայրապետական Սուրբ Աթոռին եւ իր ազգընտիր գահակալ Հայոց Վեհափառ Հայրապետին շուրջ յուսալքութեան ամպերը։

Հաւաքական ու անհատական նշանակութիւններով ու մաղթանքներով պսակեալ այս սուրբ տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի իր շնորհները առատացնէ եկեղեցւոյս հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ։ Աստուած ընդունէ՛ մեր աղօթքներն ու խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները, բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր։ Յատկապէս կը շնորհաւորեմ եկեղեցւոյս բոլոր մայրերը եւ կը մաղթեմ աստուածային ներշնչում, որպէսզի իրենց զաւակները խնամեն Տիրամօր օրինակով։ Տիրամօր փառաւոր վերափոխման տաղաւարին, անգամ մը եւս եկէ՛ք միասնաբար վերաթարմացնենք մեր ուխտը, Ս. Աստուածածնի նման ըսելով. «Տիրոջ աղախինն եմ ես, իր կամքին համաձայն թող ըլլայ ինծի»։ Ամէն։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018