ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 13-ԻՆ

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանէն ներս աւարտին հասան Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութեան հարցին շուրջ, զինքը ազատ արձակելու պահանջով կատարուած դիմումին քննարկումները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը Քոչարեանի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ 13 օգոստոսին, ժամը 16.00-ին։

Շաբաթ, Օգոստոս 11, 2018