ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը թէեւ ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի, սակայն ցուցանիշները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի պարագային։

Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ կատարուեցաւ 62   հազար 219 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1193 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 14 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1211։ Ներկայ դրութեամբ 603 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ համաճարակի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ քննութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին։ Այժմ, ընդհանուր վարակեալներու մէջ 60 եւ աւելի բարձր տարիքով հիւանդներու համեմատութիւնը կը կազմէ շուրջ 25 տոկոս։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020