ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Լիբանանի հայութեան մատնուած օրհասական վիճակը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համահայկական օրակարգը։ Պէյրութի նաւահանգիստի աւերիչ պայթումի հետեւանքներու յաղթահարման առաջադրութեամբ լիբանանահայութիւնը ներկայիս շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր հնարաւորութիւններն ու լծակները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ ստեղծուած է Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը՝ առկայ ծանր իրավիճակին մէջ։ Նորաստեղծ այս մարմնին մաս կը կազմեն տեղւոյն Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքները, աւանդական կուսակցութիւններու Լիբանանի մասնաճիւղերը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ բարենպատակ մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Նոյնպէս Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Լիբանանահայութեան վերականգումի մարմինը արդէն գումարած է իր առաջին ժողովը, որու ընթացքին ձեւաւորուած է նաեւ գործադիր մարմին մը։ Նորաստեղծ այս խմբաւորումը անմիջապէս գործի կը ձեռնարկէ՝ ժողովուրդի կարիքները դիմագրաւելու եւ աննկարագրելի վնասներ կրած հայկական կառոյցները ապահովելու նպատակով։

Մինչ այդ, երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան շարունակեց իր շփումները Պէյրութի մէջ տեղւոյն վրայ ստուգելու համար լիբանանահայութեան առկայ կարիքները։ Բաց աստի, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն ալ տեղեկացուց, որ 200 հազար ամերիկեան տոլար պիտի նուիրաբերէ՝ Պէյրութի բնակիչներուն աջակցելու համար։ «Աւրորա»ն յաւելեալ հանգանակութեան մըն ալ պիտի ձեռնարկէ՝ լիբանանահայութեան զօրակցելու առաջադրութեամբ։  

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020