ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔ

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած սարսափելի պայթումի հետեւանքները արդէն սկսած են ցոլանալ Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ։ Երէկ, երկրի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ եւ այս փուլին վարչապետ Հասսան Տիապ հանդէս եկաւ զգայացունց յայտարարութիւններով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հրաժարականէն վերջ ան յայտարարեց, որ առկայ աղէտը պետական ղեկավարման համակարգի վաղեմի փտածութեան հետեւանքն է։ Ան բողոքով արտայայտուեցաւ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն դէմ։ «Աւելի առաջ ըսի, որ պետութեան բոլոր լծակներուն մէջ փտածութիւնը առկայ է։ Այսօր ի յայտ կու գայ, որ փտածութեան համակարգը պետութենէն աւելի մեծ է եւ պետութիւնը ի վիճակի չէ խնդրոյ առարկայ փտածութեան դէմ պայքարելու», ըսաւ Տիապ։

Պէյրութի պայթումի զոհերուն թիւը արդէն հասած է 163-ի եւ աւելի քան 6 հազար վիրաւորներու մասին կը խօսուի։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ կը պահանջուի նաեւ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հրաժարականը։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց միջազգային վարկատուներուն, որպէսզի գործնական ձեւով ու մեծ ելմտական աջակցութիւն մը ցուցաբերուի Լիբանանին համար։ Ընդհանուր քարտուղարին համոզմամբ, միջազգային հզօր աջակցութիւն մը պէտք է ցուցաբերուի, որպէսզի Լիբանանի կարիքները դիմագրաւուին առկայ ճգնաժամի ժամանակ։ Կութերես խնդրեց աջակցիլ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեան, որու ծիրէն ներս միջազգային համաժողով մը տեղի ունեցած էր եւ որով կը ծրագրուի վերականգնումի նպատակով աջակցիլ Լիբանանին։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020