ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է՝ ԻՆՉՊԷՍ ՀԱՐԿՆ Է ԿԻՐԱՌԵԼ ՀԱՊԿ-Ի ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Զաս զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առկայ լարուածութիւնը։ Սթանիսլաւ Զաս յայտնեց, որ ՀԱՊԿ ուշադրութեամբ կը հետեւի սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին եւ մտահոգուած է դէպքերու աշխարհագրութեան ընդլայնման հետեւանքով։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը ՀԱՊԿ-ի առանցքային առաջնահերթութիւններէն մին է։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ անհրաժեշտ է ինչպէս հարկն է կիրառել այն բոլոր դրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին ՀԱՊԿ-էն ներս։ «Արդէն 2-3 ամիսէ ի վեր Հայաստանի սահմաններուն վրայ ճգնաժամային իրավիճակ ստեղծուած է, ինչ որ յստակ սպառնալիք կը պարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համար։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր ապօրինի ձեւով կը գտնուին մեր տարածքին մէջ։ Ի հարկէ, այս իրավիճակին ՀԱՊԿ-ի արձագանգին վերաբերեալ շատ քննարկումներ կան։ Մենք կ՚ըսենք, որ փաստացիօրէն առաջին անգամ ՀԱՊԿ-ի մէջ մենք կը բախուինք յստակ նման իրավիճակի մը հետ եւ պէտք է ուշադիր ուսումնասիրենք զայն, որպէսզի ապագային բարձրացնենք ՀԱՊԿ-ի դրութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ այս առումով ձեր այցելութիւնը նոյնպէս շատ կարեւոր է։ Այդ համատեսքին մէջ նոյնպէս շատ լրջօրէն կը վերաբերուինք մեր մօտալուտ նախագահութեան եւ կը պատրաստուինք այդ մէկուն։ Այս իրավիճակին մէջ մեզի համար կարեւոր է գտնել առկայ հարցերու քաղաքական լուծումը, կան բոլոր հնարաւորութիւնները», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի դիրքորոշումը տարածքաշրջանային օրակարգի իմաստով շինիչ է։

Դէպի Հայաստան այցելութեան վերջին օրը Սթանիսլաւ Զաս այցելեց նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակեալ հայ զինուորներուն համար։

Բաց աստի, Սթանիսլաւ Զաս այցելեց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի զանազան հատուածները։ Երէկ, մասնաւորապէս՝ ան գտնուեցաւ Երասխի շրջանին մէջ, ուր վերջին շրջանին Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները խտացած են։ Հայկական զօրքերու զօրամասերէն մէկուն մէջ Սթանիսլաւ Զաս դիտարկումներ կատարեց սահմանի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021