ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանէ ներս միջուկային ուժանիւթի օգտագործման 55-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ մը։ Հայ մասնագէտներու առընթեր, այս հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ օտար մասնագէտներ։ Այս առթիւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան, թէ բացի ուժանիւթի արտադրութենէն, արդի աշխարհի մէջ ո՛ւր կ՚օգտագործուին միջուկային փորձագիտութիւնները։ Այսպէս, ուժանիւթի արտադրութեան առընթեր, միջուկային ուժանիւթի վաղուց օգտագործուած միւս բնագաւառն է՝ բժշկութիւնը։ Հայաստանի մէջ ալ պարագան նոյնն է։ Միջուկային փորձագիտութիւններու օգտագործումը շատ ընդհանրացած է ուժանիւթի արտադրութեան համար։ Վերջին քանի մը տարիներուն նոր թափ ստացած է նաեւ միջուկային բժշկութիւնը։ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ներս կը գործէ Միջուկային բժշկութեան եւրոպական կեդրոնը։

Օտար մասնագէտները լրագրողներուն դիտել տուին, որ ամբողջ աշխարհի մէջ միջուկային փորձագիտութիւնները կ՚օգտագործուին՝ սննդամթերքը վարակազերծելու, գիւղատնտեսական արտադրանքներու, բոյսերու բերքատուութիւնը բարձրացնելու, մահացու հիւանդութիւններու վարակները ոչնչացնելու, ուռուցքաբանութեան ոլորտի, բժշկական սարքաւորումներու սթերիլիզացման նպատակով։ Միջուկային փորձագիտութիւնները կ՚օգտագործուին նաեւ տիեզերագնացութեան ոլորտին մէջ։

55 տարի առաջ հիմնուած Մեծամօրի աթոմակայանը գործել սկսած է 17 սեպտեմբեր 1976 թուականին։ Հարաւային Կովկասէ ներս առաջին աթոմակայանը հիմնուած է Հայաստանի մէջ, այդ ժամանակուայ Խորհրդային Միութեան կառավարութեան որոշումով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021