ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՌԱԻՍԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային վերջին դէպքերուն շուրջ։ Տարածաշրջանէն ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համատեսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու լիարժէք իրականացման կարեւորութիւնը։
Իպրահիմ Ռաիսի անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի վերջին օրերու լարուած դէպքերուն։ Ան յիշեցուց Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյի՝ վերջերս Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որու Իրան զգայուն է տարածաշրջանէն ներս իր սահմաններու պարագային եւ պիտի ահազանգէ անոնց փոփոխութեան ուղղեալ որեւէ փորձի դէմ։
Փաշինեան եւ Ռաիսի կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ, ընդգծեցին անոնց սերտացման կարեւորութիւնը։ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններու զարգացման կապակցութեամբ։ Ան նշեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է հնարաւորինս խթանել երկու երկիրներու միջեւ ապրանքներու տարանցումը եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ՝ ներառեալ ճանապարհային, ուժանիւթի եւ այլ ուղղութիւնները։ Նախագահ Ռաիսի պատմական ու խոր որակեց երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։ Ան ընդգծեց Հայաստան-Իրան կայուն տնտեսական համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը։
Երեւանէն հաղորդուած այս լուրերուն առընթեր, Թեհրանի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Ռաիսի արտայայտած է այն համոզումը, թէ հրադադարի համաձայնագրին հաւատարիմ մնալն ու մնացեալ հարցերու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան ճամբով լուծումը լաւագոյն միջոցն է Կովկասի մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու։