ՄԻՇԷԼ ՓԼԱԹԻՆԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գահ Մի­շէլ Փլա­թի­նի Հոկ­տեմ­բե­րին պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պա­քու, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի հա­ւա­քա­կան խում­բե­րու նոր ու­սում­նա­մար­զա­կան կեդ­րո­նի բաց­ման: Սոյն կեդ­րո­նին աշ­խա­տանք­նե­րուն բա­ցու­մը սկսած էր 21 Սեպ­տեմ­բեր 2013-ին, դար­ձեալ Փլա­թի­նիի ներ­կա­յու­թեամբ:

Պա­քու գտնո­ւած օ­րե­րուն, Փլա­թի­նի ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ նաեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 10-ին տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ատրպէյ­ճան-Ի­տա­լիա մրցու­մին, որ կ՚իյ­նայ «Եւ­րօ-2016»ի ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան զտու­մի մրցա­շար­քին ծի­րին մէջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2015