ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական հրթիռներու փորձարկումները կը շարունակեն խորապէս մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ՆԱԹՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս դաշինքի մօտեցումը այն է, որ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային։
Դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէա համաշխարհային սպառնալիք մըն է՝ իր անտարբեր վարքով։ Ընդհանուր քարտուղարի խօսքերով՝ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային, ներառեալ ՆԱԹՕ-ն։
Ինչպէս ծանօթ է, Խաղաղական ովկիանոսի Կուամ կղզին ներկայիս Հիւսիսային Քորէայի յարձակման սպառնալիքին ենթակայ է։ Եթէ այդպիսի յարձակում մը պատահի, ապա ՆԱԹՕ պիտի փոխադարձէ՞։ Ի պատասխան Սթոլթենպերկ ընդգծեց, որ ներկայիս կեդրոնացած են բոլորովին խաղաղ լուծման վարկածներուն վրայ։ Քաղաքական լուծման ուղղութեամբ աշխատանքները պէտք է շարունակուին եւ Հիւսիսային Քորէայի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու համար ճնշումները պէտք է խստանան։
Հարկ է նշել, որ հակառակ ՆԱԹՕ-ի եւ միջազգային հաւաքականութեան բոլոր ճնշումներուն, անցեալ շաբաթ Հիւսիսային Քորէա իրականացուցած էր իր 6-րդ եւ ամենասաստիկ հիւլէական փորձարկումը։ Սթոլթենպերկ «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցէն առաջ ալ Էսթոնիայի մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին վերստին անդրադարձած էր այս խնդրին։ Ան յայտնած էր, որ Հիւսիսային Քորէա պէտք է հրաժարի հիւլէական զէնքերու եւ հրթիռներու ծրագրերէն ու պէտք է բաւ համարէ իր փորձարկումները։ Սա համաշխարհային սպառնալիք մըն է եւ նման դիրքորոշում որդեգրած երկրի մը դէմ պէտք է պատասխան տալ միասնականութեամբ։
Չինաստանի եւ Ռուսաստանի նման այն երկիրները, որոնք Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութեան վրայ ներազդելու յարաբերաբար աւելի բարձր հնարաւորութիւն ունին, երկար ժամանակէ ի վեր կը յայտարարեն՝ որ ռազմական վարկածները պէտք չէ այսքան յաճախակիօրէն բարձրաձայնուի սոյն տագնապին մէջ։