ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յօդուած մը գրի առաւ The Wall Street Journal նշանաւոր թերթին մէջ։ Այս առթիւ ան Իտլիպի իրադարձութիւնները որակեց՝ կամուրջէ առաջ վերջին ելքը։ Նախագահը համոզուած է, որ աշխարհ պէտք է կասեցնէ Պեշար Էսատը։ Եթէ, Եւրոպան ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ներառեալ, միջազգային հաւաքականութիւնը անհրաժեշտ քայլերը չառնէ, ապա հետեւանքները պիտի դիմագրաւուին ոչ միայն սուրիացի անմեղներուն, այլ ամբողջ աշխարհի կողմէ։ «Թուրքիա ըրած է իր հնարաւորը՝ հարեւան երկրէն ներս սպանդի մը իրագործումը կանխելու համար։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա ապահոված է՝ որպէսզի երկրի ընդդիմութիւնը սակարկութեան սեղանի շուրջ գայ։ Ըստ Էրտողանի, Պեշար Էսատի վարչախումբը կը ձգտի իր մօտալուտ յարձակումները օրինականացնել եւ այս նպատակով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գետինը կ՚օգտագործէ։ Թէեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը Թուրքիայէն աւելի լաւ որեւէ երկիր չի կրնար հասկնալ, սակայն Պեշար Էսատի նախատեսած լուծումը կեղծ է։ «Յանուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անկարելի է զոհել անմեղ մարդիկ։ Այսպիսի քայլ մը միայն ու միայն պատճառ կրնայ դառնալ ահաբեկչական ու ծայրայեղական նոր լծակներու ստեղծուելուն», մատնանշած է Էրտողան յօդուածին մէջ։

Բաց աստի, նախագահը շեշտած է, որ Թուրքիոյ ջանքերու արդիւնաւորման համար աշխարհի մնացեալ մասը պէտք է աջակցի քաղաքական լուծման՝ մէկ կողմ թողլով նեղ շահերը։

ՄԱԿ-ի աղբիւրներն ալ երէկ մտահոգութիւն յայտնեցին Իտլիպի առկայ կացութեան շուրջ։ ՄԱԿ-ի հրատապ օժանդակութեան համակարգող Մարք Լոուքոք յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ վարչախումբը լայնածաւալ յարձակում մը գործէ Իտլիպի վրայ, ապա սա կրնայ դառնալ ներկայ դարու ողբերգութիւնը։ Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, Իտլիպէ ներս առկայ բռնի դէպքերուն հետեւանքով անցեալ ամսուան տեւողութեան շուրջ 30 հազար հոգի տեղափոխուելու պարտաւորուած է։

ԵՄ-Ի ՆՈՐ ԶՕՐՔԸ

Միւս կողմէ, Եւրոմիութիւնը որոշեց 10 հազար հոգիէ բաղկացեալ նոր զօրք մը ստեղծել։ Այս նոր բանակը պիտի պաշտպանէ Եւրոպայի սահմանները եւ պիտի ջանայ կանխել գաղթականաց հոսքը։ Կը նախատեսուի, որ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի կողմէ վաղը կատարուի համապատասխան յայտարարութիւն մը։ Նորաստեղծ բանակը պիտի աշխատի կեդրոնական կառոյցի մը կապուած ձեւով։ Զօրքերը պիտի կարենան անցքեր կատարել Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու միջեւ։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Եունքէր վաղը համապատասխան յայտարարութիւնը պիտի կատարէ Եւրոխորհրդարանի երդիքին տակ։ Այս բանակի ստեղծուելուն համար Եւրոմիութիւնը կը յատկացնէ 35 միլիառ եւրօ։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018