ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՈՉ ՈՔ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԿՐՆԱՅ ԽՕՍԻԼ ՈՒԺԻ ԴԻՐՔԵՐԷ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթավերջին Մոսկուա կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի պալատին մէջ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Այս շրջանին Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջ կը տանի դիւանագիտական աշխոյժ երթեւեկ։ Մոսկուայի մէջ Փութինի հետ տեսակցելէ վերջ, Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց իր վրացի պաշտօնակիցը, իսկ շաբաթավերջին պիտի ուղեւորուի Փարիզ, ուր Էլիզէի պալատի երդիքին տակ պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։

Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան-Փութին զրոյցը ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն՝ մանաւանդ, որ զրոյցի քաղաքական բովանդակութիւնը բաւական յագեցած էր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին կանգ առին Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներէն սկսեալ մինչեւ Երեւան-Մոսկուա քաղաքական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։ Հանդիպումէն վերջ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է ենթադրել, որ առանցքային կարգ մը խնդիրներու շուրջ կողմերը յաջողած են համաձայնութեան հասնիլ կամ առնուազն յստակեցնեն իրենց դիրքորոշումները։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատրովի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր փոխարինման հարցը։ Այս նիւթին շուրջ թէեւ կողմերը ծաւալած են քննարկում մը, սակայն կացութեան վերջնական լուծումը կը գտնուի ՀԱՊԿ-ի դաշտին մէջ, ուստի կը նախատեսուի խորհրդակցութիւնները շարունակել կառոյցի միւս անդամներուն հետ։

Քաղաքական մեկնաբանները կը շեշտեն, որ Փաշինեանի դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութիւնը կարելի է գնահատել դրական եւ բովանդակալից։ Մեկնաբանները նոյնպէս կը մատնանշեն, որ Վլատիմիր Փութին ընդունած է Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստան այցելելու հրաւէրը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոսկուա այցելութեան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Քոմերսանտ» յայտնի ռուսական թերթին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Ոչ ոք մեզի հետ կրնայ խօսիլ ուժի դիրքերէ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նիւթով պատրաստ է բանակցութիւններ վարել Ատրպէյճանի հետ, սակայն անոնք պէտք է ըլլան իրական բանակցութիւններ, այլ ոչ թէ բանակցութիւններու աճպարարութիւն մը։ «Մենք պատրաստ ենք իսկապէս ջանքեր գործադրել, որպէսզի հակամարտութիւնը կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով», նշեց Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ խնդրի կարգաւորման ուղղեալ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը։ Փաշինեան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը վախնայ, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական գործընթացները կրնան տեղափոխուիլ նաեւ իր երկիրը։ Ուստի, Ալիեւ կը փորձէ շփման գծին վրայ իրավիճակը սրելով շեղել իր քաղաքացիներու ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018