ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «WCIT 2019»Ի ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՈՒՆՆԱՆ

Հոկտեմբերի 6-9-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «WCIT 2019»։ Այսպէս, «WCIT 2019»ի կազմակերպիչները երէկ հաղորդեցին, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ։ Այս համաժողովին վրայ մեծ յոյսեր դրուած են Հայաստանի մէջ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու խրախուսման ուղղութեամբ։ Այս բնագաւառը ռազմավարական կը համարուի երկրի տնտեսութեան զարգացման տեսակէտէ։ Ուստի, միջազգային համբաւի տէր դէմքերու մասնակցութիւնն ալ անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, անոր հաւանական հնչողութիւնը կը բարձրացնէ։ Ուրեմն, այդպիսի անուններու շարքին պիտի ըլլայ Քիմ Քարտաշեան, որ թէեւ մասնագիտական տեսակէտէ հեղինակութիւն մը չէ, սակայն աշխարհի վրայ վայելած ժողովրդականութիւնով անոր ներկայութիւնը յաւելեալ գործօն մը պիտի ըլլայ՝ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու համար Երեւանի համաժողովին վրայ։

Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական լիագումար նիստին, ուր պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած փորձագիտութիւնները որքանով նպաստած են ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ թէ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատուութեան տարածման մեր մեթոտները՝ նոր աստղեր պատրաստելու ճանապարհին: «Գաղափարներու շուկայ» նիստի քննարկումները պիտի պարզեն, թէ ինչ կը նշանակեն այս զարգացումները անձնական կեանքի գաղտնապահութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, հիմնարկներու նկատմամբ վստահութեան եւ նոր գործի օրինակներու համար:

«Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական նիստի ընթացքին անհատական ելոյթէն յետոյ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ դէմ առ դէմ հարցազրոյց պիտի ունենայ, այնուհետեւ պի
տի միանայ փորձագէտ նշանաւոր գործիչներու խումբին, որոնց շարքին պիտի ըլլան հայկական ծանօթ «PicsArt» ընկերութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեան՝ շարունակելու յետագայ քննարկումները:

«WCIT 2019»ի կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ,
 Առաջատար փորձագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու 
միութեան նախագահ, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու մեծագոյն մատակարար «Եուքոմ» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեան Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթի այցի վերաբերեալ յայտնած է. «Մենք՝ «WCIT 2019»ի կազմակերպիչներս, օրակարգը կազմելու ատեն որոշեցինք համարձակ, ոչ-սովորական մօտեցում ցուցաբերել: Մենք երբեմն լրջօրէն կ՚ընդունինք նոյնիսկ հակասական գաղափարներ այն բոլոր մարդոցմէ, որոնք էական ըսելիք ունին Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու արդիւնաբերութեան եւ ոչ միայն անոր մասին:

«Աւելի քան 240 միլիոն հետեւորդներով՝ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ ընկերային ցանցերու մէջ ամենամեծ լսարանը ունեցողներէն է: Ան մեր ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ ձայներէն մէկն է աշխարհի վրայ: Մենք համոզուած ենք, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը, որպէս արտասովոր յաջողակ գործարար, որպէս այս ոլորտի առաջամարտիկ, որպէս կին եւ մայր, կարեւոր ու հետաքրքրական ըսելիք պիտի ունենայ ընկերային մետիայի մէջ ձեռներէցութեան աշխարհի մասին, որու ստեղծման եւ ձեւաւորման նպաստած է արդէն երկու տասնամեակ: Մեր կարծիքով, առանց անոր մասնակցութեան հնարաւոր չէ լուրջ զրոյց ծաւալել այս թեմային շուրջ: Մենք կ՚ակնկալենք Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը ողջունել իր պապերու երկրին մէջ եւ «WCIT 2019»ի գաղափարներու մեծ բեմին վրայ»։

Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ իր հարթակը աշխուժօրէն կ՚օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար, իսկ մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանելու Գալիֆորնիոյ մէջ: Այս սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր սպասուած «SKIMS» հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածոն, ի լրումն «KKW BEAUTY» եւ «KKW Fregrance» հաւաքածոներու, որոնք հրապարակ դրուած են 2017-ին:

«WCIT» Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (ՏՏԾՀԴ) ամենանշանաւոր համաժողովն է: Դաշինքը 83 երկիրներու տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան փորձագիտութիւններու (ՏՀՓ) միութիւններէ բաղկացած ընկերակցութիւն է, որ կը ներկայացնէ ոլորտի 90 տոկոսը: Այս տարի «WCIT» Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի թեման է՝ «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան փորձագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՚ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:

Երեւանեան համաժողովին կը սպասուի աւելի քան 2000 մասնակից՝ 70 երկրէ: «WCIT 2019»ի բանախօսներու եւ օրակարգի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է հետեւիլ www.wcit2019.org կայքէջին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019