ԻԲՐ ԹԷ ԴԱՇՆԱԿԻՑ

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ջուրերը դարձեալ կը տաքնան։ Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վերջին շրջանին միշտ կը զուգորդուին լարուածութիւններով եւ տագնապալի իրավիճակներով։ Այս բոլորը պայմանաւորուած կ՚ըլլան զանազան հանգամանքներով, բայց եւ այնպէս հիմնական գործօններու շարքին միշտ կ՚ըլլայ Սուրիոյ իրավիճակը։ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները այս փուլին եւս դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով։ Անգարայի ղեկավարութիւնը խիստ պատգամներ կը հասցէագրէ Ուաշինկթընին, մինչ կողմերու միջեւ տեղի կ՚ունենան նաեւ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ։

Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կը պահանջէ Եփրատի արեւելքի ահաբեկիչներէ մաքրագործումը եւ այնտեղ անվտանգ գօտիի մը ստեղծուիլը։ Անգարա թէեւ Սուրիոյ տագնապին շուրջ սերտօրէն կը համագործակցի նաեւ Մոսկուայի հետ, սակայն այս անվտանգ գօտիի ստեղծման խնդրի պարագային կը նախընտրէ ճանապարհ դուրս գալ՝ ներդաշնակութիւն պահելով ԱՄՆ-ի հետ։ Շաբաթավերջին այս ուղղութեամբ տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Այսպէս, թուրք եւ ամերիկեան զօրքերը Եփրատի արեւելքին առաջին անգամ ցամաքէն համատեղ հերթապահութիւն մը իրականացուցին։ Յամենայնդէպս, այս իրադարձութիւնը ամբողջական լիցքաթափումի մը առիթ չհանդիսացաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Արդարեւ, նոյն օրը ամերիկեան կողմը տասնեակ բեռնատարներով զէնք ու զինամթերքի նոր մատակարարումներ կատարեց՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան համար։ Այս հակասական երեւոյթը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն հակազդեցութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն է՝ իր կողքին տեսնել ԱՄՆ-ը։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու աւելի խիստ ոճով մը արտայայտուեցաւ ամերիկեան կողմին դէմ։ Ըստ իրեն, անվտանգ գօտիի հարցին շուրջ ԱՄՆ կը ջանայ ձգձգել Թուրքիան ու ցարդ անոր կողմէ առնուած բոլոր քայլերը ունին յարդարանքի (քոզմեթիք) բնոյթ։ Այսպէս, Չավուշօղլու իբր թէ դաշնակից որակեց ԱՄՆ-ը՝ այս վերջնոյն կողմէ առնուած քայլերը համարելով լոկ ցուցադրութեան համար կատարուած ըլլալը։ Նախարարը ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ ամերիկեան կողմը ահաբեկիչներուն համար անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ, որովհետեւ ԵՓԿ-ի, ՓԵՏ-ի եւ ՓՔՔ-ի հետ յանձնառութիւնները ամրացնելով անոնց կը զօրակցի։

Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ երէկ նոյն հարցին կապակցութեամբ յայտնեց, որ Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ ձգձգումներու եւ անվտանգ գօտիի ստեղծման գործընթացը պէտք է արագանայ։

Անգարայի կողմէ տրուած այս խիստ պատգամներու մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթընի հետ տեղի կ՚ունենան նաեւ բարձր մակարդակի շփումներ։ Նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսը, որ վերջին օրերուն այցելեց Թուրքիա։ Այս հանդիպման ընթացքին Էրտողան յստակօրէն շեշտեց, որ Թուրքիոյ համար տանելի պիտի չըլլայ Սուրիայէն յառաջանալիք նոր գաղթի ալիք մը։ Ան յստակօրէն ընդգծեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիա-ԱՄՆ համագործակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Թրքական կողմը կը ձգտի Եփրատի արեւելքի ու Իրաքի սահմանի հատուածին ապահովել անվտանգութիւն Սուրիոյ տարածքէն ներս։ Էրտողան ընդգծած է նաեւ, որ նախագահ Թրամփ հաշտ աչքով կը դիտէ այս վարկածը ու կը շարունակէ դրական մօտեցում ցուցաբերել։

Բացի Ռոսսէն, երէկ Անգարայի մէջ շփումներ ունեցան նաեւ ամերիկացի երկու բարձրաստիճան զինուորականներ։ Այսպէս, Թուրքիա փութացին ԱՄՆ-ի Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուիթի եւ ԱՄՆ-ի կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն։ Վերջին օրերուն նախագահ Էրտողան յայտնած է, որ եթէ մինչեւ ամսավերջ Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի ձեւաւորման ուղղութեամբ Թուրքիոյ պահանջները չարդարանան, ապա թրքական կողմը իր իսկ նախաձեռնութեամբ շարժման պիտի անցնի։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները այս յայտարարութեան զուգահեռ փութացած են Անգարա։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութենէն ներս տեղի ունեցան բանակցութիւնները՝ համապատասխան օրակարգով։ Քննարկումներու մասնակից թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019