ԿՈՄԻՍԱՐՆԵՐԸ

Եւրոմիութեան գործադիր մարմնի՝ Եւրոյանձնաժողովի նոր նախագահը՝ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն երէկ ծանօթացուց նորակազմ յանձնաժողովի անդամները։ 13 կիներէ եւ 14 այրերէ կը բաղկանայ Եւրոյանձնաժողովի նոր կազմը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ուսուլա ֆոն տեր Լէյէն նոր յանձնաժողովի ձեւաւորման զուգահեռ անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան հեռանկարին։ Ըստ իրեն, լիիրաւ անդամակցութեան համար Թուրքիա պէտք է համապատասխանէ կանոններուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացի գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Եւրոյանձնաժողովի նոր նախագահը ստեղծած է այնպիսի տպաւորութիւն մը, թէ Թուրքիոյ վերաբերեալ թղթածրարներուն լաւ չի տիրապետեր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019