ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ պաշտօնանկ ըրաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերով իր աւագ խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթընը։ Այս վերջինը ծանօթ էր Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու իրականացման հետամուտ մօտեցումներով եւ խոր տարակարծութիւններ կ՚ապրէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Պոլթըն Թրամփի կողմէ պաշտօնազրկուած հերթական բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը հանդիսանայ եւ իր այս որոշումը մեծապէս գոհունակութիւն պատճառած է պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի։ Այս վերջինը ներկայիս մնացած է արտաքին քաղաքականութեան հիմնական դէմքը Ուաշինկթընի մէջ։ Սպիտակ տան մէջ երէկ Մայք Փոմփէօ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանեց Ճոն Պոլթընի պաշտօնանկ ըլլալը։ Պետական քարտուղարը մատնանշեց, որ նախագահ Թրամփի այս տնօրինութիւնը անակնկալ մը չի համարուիր, որովհետեւ բազմաթիւ նիւթերու շուրջ առկայ էին տարակարծութիւններ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու, Պոլթըն վերջերս ընդդիմացած էր Տանըլտ Թրամփի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հաւանական հանդիպումի մը, ինչ որ լուրջ դեր խաղացած է իր պաշտօնանկ ըլլալուն ուղղութեամբ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ճոն Պոլթըն պաշտօնավարութեան շրջանին այցելած էր նաեւ Հայաստան եւ Երեւանի մէջ իր շփումները ունեցած էին լայն արձագանգ։ Ան փորձած էր ապահովել, որ Հայաստան իր հարեւան Իրանի հետ յարաբերութիւնները խստացնէ եւ այդ առաջարկին զուգահեռ փորձած էր սակարկութեան նիւթ դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019