ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններու շարքը կը շարունակուի Երեւանի մէջ։ Մեծ վարպետի յոբելեանը թէեւ միայն Հայաստանի մէջ չի նշուիր, սակայն Երեւանի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները կարեւոր տեղ մը կը զբաղեցնեն այդ ամբողջին մէջ։

Վերջին օրերուն Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հերթական ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարի ծիրին մէջ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը մեկնաբանեց Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ շարժանկարի համար յօրինուած ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։

«Տիգրան Մանսուրեան մեր ժամանակակից արուեստի եւ երաժշտութեան ամենախոշոր դէմքերէն մին է։ Բայց սովորաբար մենք կ՚արձանագրենք կայացած փաստը, որովհետեւ այդ մէկը աւելի տեսանելի եւ աւելի ընկալելի է ու երբեմն չենք նկատեր ճանապարհը, որ իրականութեան մէջ աւելի կարեւոր է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան յոբելենական երեկոյթի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2019