ՀԱՑԻ ՎՐԱՅ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Տաղանդաւոր ճաբոնցի նկարիչը ամենօրեայ նախաճաշի համեղ բաղադրիչները, օրինակ՝ մրգանուշը, գետնանուշի կարագը, հացի կտորները կ՚օգտագործէ «արուեստի գործեր» ստեղծելու համար:

Իր հացի վրայ շինածները կը ներկայացնեն՝ Ճաբոնի յայտնի անիմասիոն կերպարներն ու երգիծանկարի հերոսները: Instagram-ի մէջ KU (@ken.tuchy) անունով յայտնի ճաբոնցին բաւականին մանրակրկիտ նկարներ կը պատկերէ:

Ան կը յաջողի չխառնել մրգանուշը ու միւս «նկարչական» պարագաները, որու արդիւնքին յստակ պատկերներ կը ստացուին: Անոր արուեստը բաւականին մեծ տարածում գտած է համացանցի մէջ եւ ստացած է «հացի արուեստ» անուանումը։

Քորոնաժահրի համավարակի օրերուն տան մէջ փակուած երեխաներուն համար այս հացի շերտերը զուարճալի ըլլալ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020