ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՄԸ
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած 23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ պատմական իրադարձութեան մը։ Հարպիյէի մէջ, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս համաժողովի ծիրէն ներս Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ի վերջոյ ստորագրուեցաւ «Թրքական հոսք» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման վերաբերեալ համաձայնագիրը։ Ստորագրման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները, որոնք երէկ 1 ժամ 40 վայրկեան տեսակցեցան Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս, «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ իր ռուս պաշտօնակիցը՝ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ բազմաբնոյթ նիւթեր։ Անոնց ներկայութեամբ «Թրքական հոսք»ի վերաբերեալ համաձայնագիրը ստորագրեցին Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք։
Օրուան տեւողութեան Էրտողան եւ Փութին ամբողջ մետիայի ուշադրութեան կիզակէտին էին։ Անոնք տեսախցիկներուն առջեւ հանդէս եկան շատ մտերմիկ դրուագներով, մինչ իրենց միացած էր նաեւ գագաթաժողովի մասնակիցներէն Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փութին գագաթաժողովի ընթացքին փոխանցեցին կարեւոր պատգամներ։ Էրտողան կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար բոլորը տան ձեռք ձեռքի։ Ան տեղեկացուց նաեւ, որ Թուրքիա հետամուտ է երրորդ աթոմակայանի մը կառուցման ծրագրի մշակման։
Էրտողանի եւ Փութինի երէկուան տեսակցութիւնը եկաւ յստակօրէն յայտնի դարձնել, թէ Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ բնականոնացումը անշրջադարձելիօրէն թափ ստացած է եւ կողմերը վճռած են հաւասարակշռել կորստեալ ժամանակը։ Այս մթնոլորտին մէջ ուրուագծուած է նաեւ երկու երկիրներու վարչապետներուն միջեւ տեսակցութեան մը հեռանկարը։ Անգարա-Մոսկուա համագործակցութիւնը յառաջիկայ շրջանին պիտի ընդգրկէ նաեւ այլ ռազմավարական բնագաւառներ։ Թուրքիա կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին ամրապնդել իր հակաօդային պաշտպանութեան դրութիւնը եւ այս նպատակով կը ծրագրէ ներածել նոր հրթիռներ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման համար կազմակերպուելիք մրցոյթներուն շրջագծով Ռուսաստանէն ալ գնային առաջարկներ պիտի առնուին։ Իր կարգին, Փութինն ալ երէկ ընդգծեց, թէ անջրպետի մէջ եւս պատրաստակամ են համագործակցութեան։ Ռուս ղեկավարը, որ Սուրիոյ սահմանին վրայ ռուսական ռազմաօդանաւի ռմբակոծման դէպքէն վերջ առաջին անգամ եկաւ Թուրքիա՝ յայտարարեց, որ թրքական հրթիռներու անջրպետ առաքման համար նախատեսուած մրցոյթին մասնակցելու պատրաստ են։