ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ՌՈՒՀԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան աւարտեց դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը, որու վերջին օրը՝ երէկ ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Կարէն Կարապետեան Իրանի ղեկավարին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։ Ռուհանիի հետ զրուցելու ընթացքին Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ հարեւան Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր եւ հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակուի զարգանալ փոխադարձ ըմբռնման մթնոլորտի մէջ։ Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ ողջունեց Կարէն Կարապետեանի Թեհրան այցելութիւնը եւ արտայայտեց այն համոզումը, թէ այդ մէկը պիտի նպաստէ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ խորացման զանազան բնագաւառներէ ներս։

Զրուցակիցները կարեւորեցին մասնաւորապէս ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան խորացումը։ Անոնք կանգ առին երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման վրայ։ Զրուցակիցները մասնաւորապէս շեշտեցին ազատ տնտեսական գօտիներու միջոցաւ համագործակցութեան ընդլայնումը։

Կարապետեան եւ Ռուհանի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածքաշրջանի վերաբերեալ այլ հարցերու։ Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ, ինչ որ տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր երաշխիքներէն մին է։

Բաց աստի, Ռուհանի Հայաստանի նախագահին եւ հայ ժողովուրդին փոխանցեց իր ջերմ բարեմաղթանքը եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ իրանահայ համայնքի դերակատարութեան մասին՝ երկրի զանազան բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017