ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԵՐԳԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ՊԱՐՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒ

«Euro stars» (Եւրոպայի աստղեր) պարարուեստի աշխարհի բաժակի առաջնութեան այս տարի պարային խումբեր եւ մենակատարներ կը մասնակցին 14 երկրէ՝ Անգլիայէն, Իսրայէլէն, Լաթվիայէն, Ռուսաստանէն եւ այլն։ Հայաստանը այս հեղինակաւոր մրցոյթին կը ներկայացնէ «In step» պարային խումբը։ Մասնակիցները կը մրցին լատինամերիկեան, հայկական ժողովրդական, պալէի եւ այլ պարային ոճերու մէջ։ Մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 10-14 թուականներուն Էսթոնիոյ մայրաքաղաքը՝ Թալլինի մէջ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրոյց մը ունեցաւ Կատարողական արուեստի համաշխարհին ընկերակցութեան նախագահ Արման Ղուկասեան։

«Ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ պարի Կովկասի առաջնութիւնը, որու գլխաւոր մրցանակը՝ «Կրան փրի»ն, նուաճեց «In step» խումբը։ Մեկնելով այդ հանգամանքէն՝ անոնց առաջարկեցին մասնակցիլ այս մրցոյթին, որ կրնայ խումբին առջեւ բանալ հեռանկարներ. համագործակցութեան առաջարկներ, նոր բեմեր… Կը կարծեմ, խումբը մրցունակ է», նշեց Ղուկասեան։

Ան աւելցուց, որ Նոյեմբերին Գերմանիոյ մէջ կայանալիք «Euro pop contest» վոքալի միջազգային մրցոյթին ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնեն երգչուհիներ Տաթեւիկ Սահակեան եւ Սեդա Յակոբեան։ «Ան 17-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ, մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ եւ հաւասարազօր է «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին։ Սեդա Յակոբեան առաջին անգամ հանդէս կու գայ միջազգային հարթակի վրայ, իսկ Տաթեւիկ Սահակեան մեծ փորձ ունի։ Ան մասնակցած է մրցոյթներու Լաթվիոյ, Իտալիոյ, Մոսկուայի մէջ եւ յաջողութիւններ արձանագրած է։ Ըստ իս՝ նման մրցոյթները շատ կարեւոր են թէ՛ կատարողի, պարողի հմտութիւնները զարգացնելու համար եւ թէ մեր երկրի անունը անգամ մը եւս միջազգային հարթակներու վրայ լսելի դարձնելու գործին մէջ», ըսաւ Ղուկասեան։

Արման Ղուկասեան շեշտեց, որ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցած «Golden apple» (Ոսկէ խնձոր) երգի միջազգային մրցոյթին մէջ մեր պատուիրակութեան ներկայացուցիչները մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են։ «Մրցոյթին կը մասնակցէին քսան պետութիւններու ներկայացուցիչներ։ Դատակազմին մէջ ընդգրկուած էին տասներկու երկիրներէ մասնագէտներ։ Հայաստանէն դատակազմին մաս կը կազմէր վոքալի դասախօս Մերի Կարապետեան եւ ես։ Հայաստանը կը ներկայացնէին հինգ մասնակից տարբեր տարիքային խումբեր. 13-ամեայ Արեւիկ Սեւեան, 16-ամեայ Ռիթա Յովհաննիսեան, 23-ամեայ Արսէն Գէորգեան 24-ամեայ Լիլիթ Գէորգեան եւ ամենափոքր մասնակիցը՝ 8-ամեայ Արման Ղազարեան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երկու տարբեր ոճային դասաւորումներուն մէջ հանդէս եկած է՝ ամէն մէկ անուանակարգին կատարելով երկու ստեղծագործութիւն՝ մէկը մայրենի լեզուով, միւսը ըստ ցանկութեան։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբերի 1-ին Քիշնոյի ֆիլհարմոնիք թատրոնին մէջ», ըսաւ Ղուկասեան։

Արման Ղազարեան դասական ոճին մէջ առաջին մրցանակը նուաճած է, իսկ էսթրատային ոճին մէջ՝ երրորդը, Արեւիկ Սեւեան էսթրատային ոճին մէջ առաջին տեղը զբաղեցուցած է, իսկ ժողովրդական երգով արժանացած է «Կրան փրի» մրցանակին։ Ռիթա Յովհաննիսեան թէ՛ էսթրատային եւ թէ ժողովրդական երգ ոճերուն մէջ առաջին տեղը գրաւած է, Արսէն Գէորգեան էսթրատային երգով առաջին եղած է, իսկ ժողովրդական երգով «Կրան փրի» շահած է, Լիլիթ Գէորգեան էսթրատային եւ ճազ ոճերուն մէջ առաջին տեղը գրաւած է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017