ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Արցախի ճակատին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ Մէկ կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պատրաստութիւն կը տեսնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ, իսկ միւս կողմէ շփման գիծէն նոր զոհերու մասին լուրեր հասնիլ կը շարունակեն։ Կը հաղորդուի, որ երէկ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ Չափլին Մարգարեան (1998)։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար ձեռնարկուած է քննութեան։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կը բաժնէ այս ծանր կորուստի վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017