ՎՃՌԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պելկրատ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Սերպիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի կողմէ։ Իր պաշտօնակցին կողմէ զինուորական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Էրտողան, որ Վուչիչի հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Երկու նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Էրտողան եւ Վուչիչ մասնակցեցան նաեւ Թուրքիա-Սերպիա գործարար ֆորումին։

Պելկրատի մէջ Էրտողան յայտնեց, թէ Թուրքիա կը փափաքի Պալքաններու անուան խաղաղութեամբ յիշատակուիլը։ Սերպիա առանցքային նշանակութեամբ երկիր մըն է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ։ Թուրքիա չի փափաքիր, որ Պալքաններու մէջ յառաջանան պառակտումներ։ Անգարայի եւ Պելկրատի ղեկավարութիւնները հասարակաց տեսլական մը ունին տարածքաշրջանի ապագային տեսակէտէ։

Էրտողան Պելկրատի մէջ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագրին շուրջ։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար համատեղ աշխատանք կը տանի Ռուսաստանի հետ։ «Երբ Եւրոմիութիւնը TANAP ծրագիրը կեանքի չկրցաւ կոչել, ապա օրակարգի վրայ եկաւ այս վճռակամ ծրագիրը եւ այս պահու դրութեամբ շինարարութիւնը կը շարունակուի։ Սեւ ծովու յատակով Թուրքիա պիտի հասնի խողովակաշար մը, որ ցամաքային մասով ալ մեր տարածքէն պիտի անցնի ու պիտի բացուի դէպի Եւրոպա», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ շահագրգիռ երկիրներու ուժանիւթի նախարարները կապի մէջ են Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարութեան հետ։ Ինքն ալ քննարկումները կը շարունակէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Մենք կը մաղթենք, որ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին Սերպիոյ նման մեր բարեկամներուն հասնի այս բնական կազը։ Մենք կը փափաքինք, որ փութով իրականութիւն դառնայ այս բանը եւ համոզուած եմ, թէ Վլատիմիր Փութինն ալ դրական մօտեցում կ՚ունենայ այս հարցին մէջ։ Այսպէսով շատ կարճ ժամանակի ընթացքին բնական կազը կը հասնի Սերպիա», ըսաւ Էրտողան։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017