«ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԱՆԻ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկան Իտլիպի կացութեան շուրջ։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին շրջանին այս քաղաքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է՝ հրատապ միջամտութիւններով մարդասիրական աղէտի մը կանխուելու առաջնահերթութեամբ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի ղեկավարութիւններուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը ճակատագրական դեր խաղացած է այս ուղղութեամբ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց լուսաբանութիւն մը, ըստ որու Իտլիպի եւ շրջակայքին ձեւաւորուած ապազինեալ գօտիէն ամբողջութեամբ դուրս բերուած են ծանր զէնքերը։ Երէկուան դրութեամբ ապահովուած է այս արդիւնքը։ Սեպտեմբերի 17-ին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութենէն վերջ, այս երկու երկիրները՝ որպէս երաշխաւորներ, ծաւալուն աշխատանք տարած են հաշուի առնելով շրջանի աշխարհագրական եւ բնակչութեան կեդրոններու առանձնայատկութիւնները։ Այդ բոլորէն վերջ շուրջ 20 քիլօմեթր խորութեամբ ապազինեալ գօտի մը ստեղծուած է։ Ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, Թուրքիա հաւատարիմ մնացած է վերոյիշեալ համաձայնութեամբ իրեն վիճակած պարտաւորութիւններուն ու որպէս երաշխաւոր երկիր՝ Իտլիպէ ներս լարուածութեան վերջ տալու եւ բախումներու վտանգը կանխելու նպատակով ջանքեր գործադրած է ծանր զէնքերու հեռացման ուղղութեամբ։ Այդ շրջանէն ներս տեւական խաղաղութեան հաստատման առաջադրու իշիբ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր ջանքերը նոյն համաձայնութեան ծիրին մէջ։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ դարձեալ անդրադարձաւ Իտլիպի իրադարձութիւններուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնը կը բանի։ Իտլիպի բախումներէ զերծ գօտիի ապազինման ուղղութեամբ աշխատանքները բաւարար չափով յառաջացած են։ «Այնտեղ բոլոր խմբաւորումներուն հետ աշխոյժ համագործակցութեան դերը վիճակած է մեր թուրք գործընկերներուն։ Մեր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ այս գործընթացը բաւարար չափով յառաջացած է։ Ապազինեալ շրջանը 15 հոկտեմբերէն վերջ ամբողջութեամբ գործնական ձեւ մը պէտք է ստանայ։ Մէկ-երկու օրուան յապաղումները անշուշտ կարեւոր չեն։ Կարեւորը այն է, որ ճիշդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրուին։ Յամենայնդէպս այս գործի որակն ալ կարեւոր է։ Այժմ կարեւորը այն է, որ այս գործը կ՚ընթանայ ու մենք աշխուժօրէն կը խրախուսենք մեր թուրք գործընկերներու ջանքերը», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018