ՁԵՒԱՉԱՓԸ ԱՆՓՈՓՈԽ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան բացառապէս Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը փորձած է բանակցութիւններու ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն այդ ջանքերը յաջողութեան պիտի չհասնին։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած երկու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանի իրադարձութիւնները կը վկայեն, թէ բանակցութիւններու ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ։ Այս հակամարտութիւնը պէտք է մօտաւոր ապագային կարգաւորուի միջազգային սկզբունքներու եւ չափանիշներու հիման վրայ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներէն ներս։ Կը յուսամ, թէ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը կառուցողականութիւն կը դրսեւորէ իր քաղաքականութեան մէջ եւ մեր հողերը շուտով կ՚ազատագրուին բռնագրաւումէ», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի փոփոխութեան հարց յառաջ չէ քշած ու չի քշեր։ «Բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ», ըսաւ Փաշինեան «France 24» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։

Ալիեւի հետ ունեցած վերջին զրոյցին անդրադառնալով՝ ան ըսաւ. «Իլհամ Ալիեւի հետ խօսած ենք ո՛չ թէ հակամարտութեան կարգաւորման տարբերակներու, այլեւ՝ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման շուրջ։ Անհնար է խօսիլ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ, եթէ չկայ խաղաղ կարգաւորման համար անհրաժեշտ մթնոլորտ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018