ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱ ՌՈՒԺԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան մշակութային բազմակողմանի ձեռնարկներ։ Այս ծիրին մէջ բացուած է նաեւ ֆրանսահայ նկարչուհի Ասիլվայի ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։

Ասիլվայի ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտ, որոնք հանդէս եկան շնորհաւորութեան խօսքերով։

Ասիլվայի գործերը կը ներկայացուին «Սունդուկեան» թատրոնի մուտքասրահին։ Նկարչուհին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դրօշակները պատկերած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018