ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ։ Սա պատմական հաւաք մըն է Հայաստանի տեսակէտէ։ Արդարեւ, այս գագաթաժողովը Հայաստանի պատմութեան մէջ կազմակերպուած ամենամեծ միջազգային դիւանագիտական իրադարձութիւնը կը հանդիսանայ։

Գագաթաժողովին առթիւ Երեւեանի մէջ է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, որու ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նախագահ Մաքրոն այս առաւօտ իր կողակցին հետ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։ Ան աւելի վերջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միասին կնքեց նորոգ հանգուցեալ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին թողարկուած դրոշմաթուղթերը։

Գագաթաժողովը սկսաւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Նիկոլ Փաշինեանի բացման խօսքերով։ Հաւաքին մասնակից ղեկավարները միասնաբար նկարահանուեցան «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ, որ այս օրերուն վերածուած է «Ֆրանսախօսութեան աւանի»։

Այս գագաթաժողովէն վերջ, յառաջիկայ երկու տարիներուն Հայաստան պիտի ըլլայ շրջանային նախագահը Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան, որու յաջորդ գագաթաժողովը նախատեսուած է հիմնադիր երկիրներէն Թունուզի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2018