ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԱԶՄԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ԱՌՑԱՆՑ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըի պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտին հասնելու վրայ է։ Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 7-ին նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի 6-րդ շրջանի կազմին ընտրութիւնը։ Առցանց դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւնը, որու ընդառաջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնական զեկոյց մը հրապարակուած է՝ թեկնածութեան չափանիշներուն եւ առաջադրման ընթացակարգին վերաբերեալ։

Նկատի ունենալով, որ այս խորհուրդին մէջ փոքրամասնութեանց վաքըֆներն ալ ունին ներկայացուցիչ մը՝ այժմ այս նիւթը համայնքային շրջանակներու օրակարգն ալ կը զբաղեցնէ։ Յստակ չէ, որ Ճան Ուսթապաշը պիտի փափաքի՞ շրջան մը եւս իր աշխատանքը շարունակել, թէ ոչ։ Ըստ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն հասած անպաշտօն լուրերուն, եթէ ասորի համայնքէն Ճան Ուսթապաշը թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա ամենայն հաւանականութեամբ իր առաքելութիւնը պիտի տեւականացնէ։ Իսկ եթէ ան բաւ համարէ իր գործունէութիւնը, ապա փոքրամասնութիւններու նոր ներկայացուցիչ մը պիտի ընտրուի եւ այս անգամ թեկնածութեան համար առաջնահերթութիւն պիտի տրուի յոյն համայնքին։ Արդարեւ, ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ գոյացած է փոխադարձ ըմբռնում մը, որով յոյն, հայ, հրեայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները հերթով կը ստանձնեն այդ գործը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2023