ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը այսօր արդէն կը բացուի Նիւ Եորքի մէջ։ Երէկ, ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած աշխատանքին սկիզբը բնորոշեցին ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու քննարկումները։ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած այս երիտասարդական ցանցին ներկայացուցիչները Նիւ Եորքի մէջ մէկտեղուեցան՝ հաստատութեան կեդրոնական գրասենեակի երդիքին տակ։ Օրուան ընթացքին անոնք ծաւալեցին բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց ընթացքին վայելեցին նաեւ անմիջականութիւնը կառոյցի ընտրեալ-նախագահ Սեմ Սիմոնեանի, որ 93-րդ ընդհանուր ժողովի աւարտին պաշտօնապէս պիտի դառնայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահը։ Օրուան տեւողութեան աշխատելէ վերջ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժները երեկոյեան ալ միասնաբար ժամանակ անցուցին՝ երաժշտութեան ունկնդրութեամբ։

Մենհեթթընի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ այսօր պաշտօնապէս կը սկսի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 93-րդ ընդհանուր ժողովին բուն աշխատանքը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024