ՏԸ ՎԱԱԼ. «ՊԱՔՈՒ ԿԸ ԽԱՂԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ»
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Հայաստանի հետ հաշտութեան գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը ջանայ ժամանակ շահիլ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ տը Վաալ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի այժմու փուլին։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան այսօր աւելի հզօր դիրքերու մէջ է ու կը փափաքի Հայաստանին պայմաններ թելադրել։ Անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջին՝ ան ըսաւ. «Սա այն դէպքն է, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէ ճնշում գործադրել Հայաստանի կողմէ զիջումներ ապահովելու համար»։
Թոմաս տը Վաալ բացատրեց, որ հայկական կողմը արդէն բազմաթիւ զիջումներ ըրած է՝ ճանչնալով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, զիջումներ ըրած է սահմանին, զիջումներ ըրած է միջազգային վէճերու վերաբերեալ դրութիւններու հարցին մէջ եւ այլն։ Փորձագէտը համոզուած է, թէ սա ակնյայտօրէն մտահոգիչ խնդիր մը կը համարուի։
«Կը կարծեմ՝ Ալիեւ ժամանակ կը շահի։ Ան ունի շատ կարեւոր միջազգային COP29 գագաթաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ամիս, Պաքուի մէջ։ Ինչպէ՞ս կ՚անցի այդ մէկը։ Ան շատ միջազգային այցելուներ կ՚ունենայ։ Լաւ կ՚անցնի Ատրպէյճանի համար թէ ոչ-այդքան լաւ՝ սա ուրիշ հարց մըն է։ Երկրորդ հարցն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւնը։ Կը կարծեմ՝ Ատրպէյճանի ընկալմամբ, Պայտընի վարչակազմը հայերու նկատմամբ բաւական համակրելի վերաբերմունք ունի։ Պայտընի վարչակազմը կ՚աջակցի Հայաստանին՝ որպէս ժողովրդավարական երկիր։ Ատրպէյճան կը հաւատայ այս բանին։ Կը կարծեմ, թէ Թրամփի վարչակազմը աւելի քիչ ներգրաւուած կ՚ըլլայ եւ աւելի համակրանքով կը վերաբերի Ատրպէյճանին», ըսաւ Թոմաս տը Վաալ եւ աւելցուց, որ Պաքու ժամանակի վրայ կը խաղայ։
Հուսկ, Թոմաս տը Վաալ ընդգծեց, որ թուղթի վրայ համաձայնութիւնը հեռու չէ, բայց, ամէն ինչ նախագահ Ալիեւէն կախուած է, ըստ էութեան, թէ ան ի՞նչ կ՚ուզէ։