ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ նոր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի սկսին յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բե­րին։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ յայտ­նեց, որ ան­ցեա­լի մէջ կու­տա­կուած փոր­ձա­ռու­թիւնն ու գի­տե­լիք­նե­րը ամ­բող­ջո­վին պի­տի օգ­տա­գոր­ծուին Եւ­րո­միու­թեան հետ նա­խա­տե­սուած ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րէն Նա­զա­րեան դի­տել տուաւ, թէ այս պա­հուն կը քննար­կուի ձե­ւա­չա­փը, այժմ դժուար է կան­խա­տե­սել ո­րե­ւէ ժա­մա­նա­կա­ցոյց, ա­մէն ինչ կա­խում ու­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու թա­փէն ու բո­վան­դա­կու­թե­նէն։ Քա­նի որ այդ գոր­ծըն­թա­ցը հիմ­նուած պի­տի ըլ­լայ ան­ցեա­լի մէջ ա­պա­հո­վուած յա­ռա­ջըն­թա­ցին վրայ՝ փոխ-նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ այս ան­գամ գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի սա­հուն։ Ըստ ի­րեն, Յու­նուա­րէն սկսեալ Հա­յաս­տանն ու Եւ­րո­միու­թիւ­նը պի­տի սկսին մշա­կել գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր մը, ո­րու ի­րա­գործ­ման պա­րա­գա­յին պի­տի հրա­ժա­րին մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րէն։ «Գոր­ծո­ղու­թեան ծրա­գի­րը մենք մտա­դիր ենք ի­րա­կա­նաց­նել Յու­նուա­րէն սկսեալ, սա­կայն սա պէտք է յան­գեց­նէ վի­զա­նե­րու ա­զա­տա­կա­նաց­ման դրու­թեան», ը­սաւ Նա­զա­րեան։

Տա­կա­ւին յայտ­նի չէ, որ Հա­յաս­տա­նի 2016 թուա­կա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէին մէջ որ­քա՛ն բա­ժին նա­խա­տե­սուած է Եւ­րո­միու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թը ամ­փո­փե­լու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի Ելմ­տա­կան փոխ-նա­խա­րար Փա­ւէլ Սա­ֆա­րեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ յատ­կա­ցում­ներ պի­տի կա­տա­րուին՝ երբ ա­մէն ինչ դառ­նայ յստակ։

2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան ընդ­հա­նուր առ­մամբ 37 մի­լիոն եւ­րօ դրա­մաշ­նորհ պի­տի ստա­նայ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ։ Այդ գու­մա­րին 24 մի­լիո­նը նա­խա­տե­սուած է որ­պէս պիւտ­ճէի ա­ջակ­ցու­թիւն։ Այ­սինքն, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ո­րո­շէ, թէ ի՛նչ նպա­տակ­նե­րու պի­տի յատ­կա­ցուի այդ գու­մա­րը։ Իսկ մնա­ցեալ 13 մի­լիոն եւ­րոն պի­տի ուղ­ղուի յստակ ծրագ­րե­րու։ Այդ 13 մի­լիոն եւ­րոն կը բաղ­կա­նայ նպա­տա­կա­յին դրա­մաշ­նորհ­նե­րէ, ի տար­բե­րու­թիւն պիւտ­ճէի ա­ջակ­ցու­թեան դրա­մաշ­նոր­հէն։ Այ­սինքն այդ գու­մար­նե­րը կը տրուին յստակ նպա­տակ­նե­րով եւ ան­կա­րե­լի է զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծել այդ նպա­տակ­նե­րէն դուրս։

Մին­չեւ 2013 թուա­կա­նի՝ Հա­յաս­տա­նի շրջա­դար­ձը, Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րի շուրջ գոր­ծըն­թա­ցը տա­պա­լուած չհա­մա­րեց Կա­րէն Նա­զա­րեան։ Ար­դա­րեւ, ան­ցեա­լի մէջ կու­տա­կուած փոր­ձը, գի­տե­լիք­նե­րը ամ­բող­ջո­վին պի­տի օգ­տա­գոր­ծուին ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Այ­սինքն, Նա­զա­րեա­նի հա­մոզ­մամբ, կոր­սուած չէ ան­ցեա­լի մէջ կա­տա­րուա­ծը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին հեր­թա­կան ժո­ղո­վը, որ­մէ վերջ Կա­րէն Նա­զա­րեան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ սար­քեց Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Գա­րե­գին Մել­քո­նեա­նի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու փոխ-նա­խա­րար­նե­րը այս առ­թիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Եւ­րո­միու­թեան հետ յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նագ­րի մշակ­ման գոր­ծըն­թա­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս, 2016 թուա­կա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէի նա­խագ­ծի քննար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նոյն նիւ­թը։ Կա­րէն Նա­զա­րեան այս հանգ­րուա­նին ալ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­ռա­ջի­կայ ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թին մէջ ըստ էու­թեան պի­տի պահ­պա­նուի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս բա­նակ­ցուած քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան բա­ղադ­րի­չը։ Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րը նա­խան­շող սպա­սե­լիք այս նոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ, պի­տի չըլ­լայ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի նիւ­թին կտրուած­քով, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տան կ՚ան­դա­մակ­ցի Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան։ Նա­զա­րեան ա­ւել­ցուց.

«Մենք Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լէ վերջ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցինք շա­րու­նա­կե­լու հա­մար սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­միու­թեան հետ։ Եւ­րո­պա­կան միու­թիւնն ալ այդ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նեց ու մենք մտքե­րու փո­խա­նա­կու­թեան սկսանք՝ հասկ­նա­լու հա­մար, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է ըլ­լայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Մենք փոր­ձած ենք հասկ­նալ, թէ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս բա­նակ­ցուած ո՛ր բա­ղադ­րիչ­նե­րը կրնանք նե­րառ­նել նոր հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ եւ ինչ­պէ՛ս ը­նել, որ ա­նոնք չհա­կա­սեն Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան մէջ մեր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։ Ես կը փա­փա­քիմ նաեւ ընդգ­ծել, որ մենք յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս պի­տի օգ­տա­գոր­ծենք այն գի­տե­լիք­ներն ու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, զորս կու­տա­կած ենք հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Այն­պէս որ հա­մա­ձայն չեմ այն տե­սա­կէ­տին հետ, թէ Հա­յաս­տան տա­պա­լած է Եւ­րո­միու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը»։

Կա­րէն Նա­զա­րեան չփա­փա­քե­ցաւ այժ­մէն կան­խո­րո­շել, թէ ի՛նչ ըն­թացք պի­տի ու­նե­նան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ ար­դիւն­քին ինչ­պի­սի՛ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ու­նե­նալ կա­րե­լի պի­տի դառ­նայ։ Ան միայն վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ ար­ձա­նագ­րել նոյն յա­ռա­ջըն­թա­ցը, որ նա­խա­պէս կար Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Իր կար­գին, Գա­րե­գին Մել­քո­նեանն ալ մեկ­նա­բա­նեց նոր փաս­տա­թուղ­թին մէջ նե­րառ­նուե­լիք ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ պար­զա­բա­նում­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռի պա­րա­գա­յին Եւ­րո­միու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նակ­ցուած բնա­գա­ւառ­նե­րը դուրս պի­տի չմնան նոր հա­մա­ձայ­նագ­րէն, սա­կայն ո­րոշ կէ­տե­րու պա­րա­գա­յին կրնան ըլ­լալ վե­րա­փո­խում­ներ։ Ան եւս հաս­տա­տեց, թէ հա­մա­ձայ­նագ­րին պի­տի չնե­րառ­նուի ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի բա­ղադ­րի­չը, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տան ան­դամ դար­ձած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ու չի կրնար եր­րորդ եր­կիր­նե­րու հետ ու­նե­նալ ա­զատ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­ձայ­նա­գիր։ Այ­սինքն, նոր հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ զե­րօ մաք­սա­տուր­քե­րով ա­ռեւ­տու­րի բա­ղադ­րի­չը պի­տի չըլ­լայ։ «Սա­կայն ես հա­մո­զուած եմ, որ մենք պի­տի ու­նե­նանք փաս­տա­թուղթ մը, որ պի­տի ըլ­լայ գործ­նա­կան եւ պի­տի չխան­գա­րէ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս մեր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը», յայտ­նեց Գա­րե­գին Մել­քո­նեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015