ԵՄ-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց Թուր­քիոյ վե­րա­բե­րեալ տա­րե­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի տե­ղե­կա­գի­րը։ 2015 թուա­կա­նի այս տե­ղե­կա­գի­րը ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով հրա­պա­րա­կուե­ցաւ սո­վո­րա­կա­նէն քիչ մը ա­ւե­լի ուշ։ Այդ փաս­տա­թուղ­թը կը բո­վան­դա­կէ թէ՛ ո­րոշ քննա­դա­տու­թիւն­ներ եւ թէ կը դրուա­տէ շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­ղե­կագ­րին մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ կա­ռու­ցուած­քա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րուն, կրթու­թեան հա­մե­մա­տու­թեան բարձ­րաց­ման եւ ու­ժա­նիւ­թի հա­տուա­ծի ա­զա­տա­կա­նաց­ման ա­ռու­մով զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րուած է Թուր­քիոյ մէջ։ Հան­րա­յին պարտ­քերն ալ հա­սած են այն­պի­սի մա­կար­դա­կի մը, ուր կա­րե­լի է յա­րա­տե­ւու­թիւն ա­պա­հո­վել։ Եւ­րո­միու­թիւ­նը Թուր­քիոյ տնտե­սու­թիւ­նը կը հա­մա­րէ՝ լաւ աս­տի­ճա­նով յա­ռաջ մղուող շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թիւն մը։ Ընդգ­ծուած է, որ Թուր­քիան դան­դաղ թա­փով մը կը շա­րու­նա­կէ յար­մա­րիլ Եւ­րո­միու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րուն ու բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­սած է լաւ պատ­րաս­տու­թեան մա­կար­դա­կի մը։

Տե­ղե­կագ­րին մէջ մաս­նա­ւոր բա­ժին մը յատ­կա­ցուած է գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին։ Եր­կի­րը ա­ւե­լի քան  6.7 մի­լիառ եւ­րօ ծախ­սած է իր մօտ ա­պաս­տա­նած­նե­րուն հա­մար։ Ա­պաս­տա­նու­թիւն­նե­րու ար­տա­սո­վոր գոր­ծըն­թա­ցի մը դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց Թուր­քիա փու­թով շարժ­ման ան­ցած է, մինչ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով թա­փով բարձ­րա­ցած է Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած­նե­րուն թի­ւը։ Թուր­քիա ներ­կա­յիս աշ­խար­հի վրայ ա­մե­նա­բարձր թի­ւով ա­պաս­տա­նեալ­ներ հիւ­րըն­կա­լած եր­կիրն է։ Ա­նոնց մօ­տա­ւո­րա­պէս 2 մի­լիո­նը սու­րիա­ցի է։ Նման հսկա­յա­կան հոս­քի մը կա­ռա­վա­րու­մը Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ դժուար պար­տա­կա­նու­թիւն մըն է։

Եւ­րո­միու­թեան 2015 թուա­կա­նի տա­րե­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի տե­ղե­կագ­րին մէջ հիմ­նա­կան քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը հաս­ցէագ­րուած են ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի պա­րա­գա­յին։ Ընդգ­ծուած է, որ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին այս ա­ռանց­քին շուրջ յե­տըն­թաց ապ­րուած է։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­մա­կար­գի պա­րա­գա­յին ալ 2014 թուա­կա­նի տա­րե­մու­տէն ի վեր ո­րե­ւէ զար­գա­ցում չէ նկա­տուած։

Տա­րե­կան տե­ղե­կա­գի­րը ե­րէկ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի կո­մի­սար Եո­հան­նէս Հահ­նի կող­մէ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ հրա­պա­րա­կուած տե­ղե­կա­գի­րը Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի տուաւ հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ան­հա­մա­չափ նկա­տեց այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, իսկ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան բան­բեր Էօ­մէր Չե­լիք բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով զայն ո­րա­կեց ա­նըն­դու­նե­լի։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015