ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդէս եկաւ տնօրինութիւնով մը՝ որպէսզի իր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուի Կովկասի հաւաքական անվտանգութեան տարածքաշրջանէն ներս հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծուի։ Ռուս ղեկավարին այս կարգադրութիւնը այսօր պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Մոսկուայի համապատասխան լծակներուն կողմէ։
Փութինի ընթացք տուած փաստաթուղթին մէջ կը նախատեսուի ընդունիլ Ռուսաստանի կառավարութեան առաջարկը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Կովկասի հաւաքական անվտանգութեան տարածքաշրջանէն ներս հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածքաշրջանային համակարգի մը ստեղծման համաձայնագրին ստորագրումը։ Յանձնարարուած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն՝ բանակցութիւններ վարել հայկական կողմին հետ եւ պայմանաւորուածութեան հասնելէ վերջ Ռուսաստանի անունով ստորագրել վերոյիշեալ համաձայնագիրը՝ թոյլատրելով անոր նախագծին մէջ կատարել կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած փոփոխութիւնները, որոնք սկզբունքային բնոյթ չեն կրեր։
Ռուսական աղբիւրները աւելի առաջ տեղեկացուցած էին, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր Հակաօդային պաշտպանութեան հարցերու համակարգող կոմիտէին մօտ օրակարգի վրայ եկած էր այս հարցը։ ԱՊՀ-ական երկիրներու Հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի հարցին մէջ զարգացման գերակայ ուղղութիւնը հետագայ համարկումը դարձած է տարածքաշրջանային սկզբունքով։ Այսինքն՝ Հակաօդային պաշտպանութեան միասնական կամ միաւորուած տարածքաշրջանային համակարգերու ստեղծումը՝ հաւաքական անվտանգութեան Արեւելաեւրոպական, Կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջաններէն ներս։