ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔ ՉԿԱՅ…

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու TRT-էն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տատ­ման նիւ­թե­րուն շուրջ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ա­զա­տա­կան, հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն հա­մա­հունչ սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը պէտք է պատ­րաս­տել։ «Պա­րոն նա­խա­գա­հի եւ իմ յա­րա­բե­րու­թեան բնոյ­թին բե­րու­մով դրու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է։ Ա­ռա­ջին կէ­տը այս մէ­կը չէ։ Նախ լա­րուա­ծու­թիւ­նը պէտք է նուա­զի եւ պէտք է ա­մէն ին­չի մա­սին խօ­սիլ կա­րե­լի դառ­նայ։ Մենք հա­մո­զուած ենք լաւ սահ­մա­նուած նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան մը ուղ­ղու­թեամբ, սա­կայն մեր ա­ռա­ջին նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը լա­րուա­ծու­թեան նուա­զումն է։ Խնդի­րը պէտք չէ նկա­տել որ­պէս Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան կա­ռոյ­ցի ու­ժը ա­ւելց­նե­լու ձե­ւով։ Պե­տու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ վե­րա­կա­ռուց­ման մը կա­րի­քը գո­յու­թիւն ու­նի։ Պէտք է վի­ճա­բա­նիլ պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ։ Պե­տու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­կա­ռու­ցուի։ Նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կ՚ընդ­լայ­նէ մեր հո­րի­զո­նը։ Պէտք է խօ­սինք այն մա­սին, թէ պե­տու­թեան փո­խա­րէն ինչ­պէս մար­դա­կեդ­րոն սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը կրնանք յա­ռաջ քշել», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Ըստ վար­չա­պե­տին, երկ­րի բո­լոր խա­ւե­րուն հետ երկ­խօ­սու­թիւն մը հաս­տա­տե­լով կը ծրագ­րեն բե­ւե­ռա­ցում­նե­րը նուա­զեց­նել։ Մի­ջին ու եր­կա­րա­ժամ­կէտ կա­ռու­ցուած­քա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի մը ձեռ­նար­կե­լով հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տան­քը վեց ամ­սուան ըն­թաց­քին ա­ւար­տել կը ծրագ­րէ վար­չա­պե­տը։ Բաց աս­տի, նա­խընտ­րա­կան խոս­տում­նե­րը յար­գե­լու հա­մար ան նոյն­պէս կը նա­խա­տե­սէ ծրագ­րեր մշա­կել՝ ե­րեք-վեց ա­մի­սէն սկսեալ մին­չեւ մէկ-չորս տա­րուան ժա­մա­նա­կա­հա­տուած­նե­րով։ Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պի­տի ընդգր­կուին երկ­րի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։ Վար­չա­պե­տը պատ­րաս­տա­կամ է բո­լո­րը լսե­լու, նե­րա­ռեալ ա­մե­նա­հա­կա­դիր տե­սա­կէտ­նե­րը։ Հա­սա­րա­կու­թեան հո­գե­բա­նու­թիւ­նը հա­շուի առ­նե­լով՝ վար­չա­պե­տը յայտ­նեց, թէ պի­տի չար­տօ­նեն, որ լա­րուա­ծու­թիւ­նը բարձ­րա­նայ եւ բե­ւե­ռաց­ման ո­ճը տի­րէ երկ­րէն ներս։ Ոե­ւէ մէ­կը խտրա­կա­նու­թեան պի­տի չեն­թար­կուի իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, ազ­գու­թեան կամ դա­ւա­նան­քին բե­րու­մով։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, նա­խա­գա­հա­կան կամ խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թիւն­նե­րը կ՚են­թադ­րեն վար­չա­մե­քե­նա­ներ։ Եր­կու­քի պա­րա­գա­յին ալ կան թէ՛ ա­զա­տա­կան եւ թէ մե­նա­տի­րա­կան օ­րի­նակ­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, կա­րե­ւո­րը քա­ղա­քա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւնն է։ Ի­րենց մօ­տե­ցու­մով՝ ներ­կայ դրու­թիւ­նը պէտք է ե­ղա­փո­խուի դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան, սա­կայն ի­րենք այս ուղ­ղու­թեամբ ո­րե­ւէ պար­տադ­րանք չեն նա­խա­տե­սեր։ Ա­մէն ինչ ան­պայ­ման ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով մը պի­տի ա­պա­հո­վուի։ «Մեր տե­սան­կիւ­նով՝ ու­ժե­րու տա­րան­ջատ­ման հի­ման վրայ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն մը պէտք է ըլ­լայ։ Սա­կայն այս մէ­կը այ­սօ­րուան օ­րա­կար­գը չէ», ը­սաւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­ւա­կան յոգ­նած է։ Այս պատ­ճա­ռով լա­րուա­ծու­թեան բո­լոր պատ­ճառ­նե­րը պէտք է նուա­զե­ցուին եւ բե­ւե­ռա­ցում­նե­րէ հե­ռա­նա­լով պէտք է եր­թալ դէ­պի սի­րոյ հա­սա­րա­կու­թիւն։ Տա­վու­տօղ­լու յի­շե­ցուց նաեւ, թէ այս պա­հու դրու­թեամբ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նէն ներս ու­նի 317 ե­րես­փո­խան, ինչ որ բա­ւա­րար չէ հան­րա­քուէի մը ձեռ­նար­կե­լու հա­մար։ Հե­տե­ւա­բար, ա­մէն ինչ ան­պայ­ման ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով պի­տի ըլ­լայ։ Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ, ըստ ի­րեն, պէտք է վստա­հու­թիւ­նը զգա­լի ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւ­նը այս տե­սան­կիւ­նէն պէտք է քննար­կել։ Տա­վու­տօղ­լու ը­սաւ, որ թէ՛ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ թէ ին­քը չու­նին ո­րե­ւէ անձ­նա­կան հա­շիւ։ Ի­րենց մօ­տե­ցու­մը կ՚են­թադ­րէ լաւ սահ­մա­նուած նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն մը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու խօ­սե­ցաւ նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նիւ­թին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի եւ ՓՔՔ­-ի դէմ տրուած պայ­քար­նե­րը ի­րար­մէ տար­բե­րու­թիւն չու­նին։ Թուր­քիա եր­բեք հան­դուր­ժո­ղու­թիւն չէ ցու­ցա­բե­րած ո­րե­ւէ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­րա­գա­յին ու պի­տի չցու­ցա­բե­րէ նաեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ին հա­մար։ Թուր­քիա՝ ուր­կէ որ ալ գայ, ի­րեն ուղ­ղուած բո­լոր սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ կը փո­խա­դար­ձէ հա­մա­հա­ւա­սար վե­րա­բեր­մուն­քով։ Բայց եւ այն­պէս, ըստ վար­չա­պե­տին, ե­թէ հա­մար­կեալ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­նայ, ՄԱԿ-ի նման բո­լոր եր­կիր­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նով մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուի, թրքա­կան կողմն ալ կը ստանձ­նէ ի­րեն վի­ճա­կած դե­րը։ Ան շեշ­տեց, որ այս պա­րա­գան կը վե­րա­բե­րի բո­լո­րի զո­հո­ղու­թեան պա­րա­գա­յին։

«G-20-Ը ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԹԱԿ ՄԸՆ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲ Ի ՄԻ ՀԱՒԱՔՈՒԻ ԱՅՍՔԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ, ԿԸ ԽՕՍՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ»

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ G-20-ի մօ­տա­լուտ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, որ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի սկսի Ան­թա­լիոյ մէջ։ Ըստ ի­րեն, այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը կը զու­գա­դի­պի այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թիւ­նը կը սահ­մա­նա­փա­կուի, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գոր­ծազր­կու­թեան խնդի­րը գա­գաթ­նա­կէ­տին կը հաս­նի, իսկ ա­ռեւ­տու­րի ցու­ցա­նիշ­նե­րը չեն հաս­նիր ցան­կա­լի մա­կար­դա­կի։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, որ G-20-ը քա­ղա­քա­կա­նէ ա­ւե­լի տնտե­սա­կան ծան­րու­թիւ­նով հար­թակ մըն է։ «Բայց եւ այն­պէս, երբ այս­քան ղե­կա­վար ի մի կը հա­ւա­քուի, բնա­կա­նա­բար պի­տի խօ­սուի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին», ընդգ­ծեց վար­չա­պե­տը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­նայ մին­չեւ ամ­սա­վերջ՝ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մէն վերջ։ Սա պի­տի ըլ­լայ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ար­տա­սահ­մա­նեան ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ իր գլխա­ւո­րե­լիք նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի կազ­մուե­լէն ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Ան Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ պի­տի վա­րէ՝ բազ­մաբ­նոյթ խնդիր­նե­րու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015