ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մըշ-տական ներկայացուցիչ դեսպան Տենիըլ Պաէր յայտարարեց, որ իր երկիրը կը վերահաստատէ վճռակամ աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն նկատմամբ ու նախկինին նման յանձնառու է աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն հետ։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ հակամարտ կողմերու հետ անսասան համագործակցութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նպաստելու նպատակով։
«ԱՄՆ մտահոգուած է շփման գծին վրայ բռնութեան բարձրացումով ու տեղի ունեցած վայրագութիւններու մասին հաղորդումներով», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ արագ քայլերու ձեռնարկած է լարուածութիւնը մեղմացնելու համար։ Ան յիշեցուց, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի նախաձեռնութեամբ անցեալ Մայիսին Վիեննայի մէջ կազմակերպուած էր 3+2 ձեւաչափով հանդիպում մը։ Այսպէսով հերթական անգամ վերահաստատուեցաւ, որ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի համատեղ ջանքերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կրնան նպաստել բռնութեան դադրեցման ու յառաջ մղել խաղաղ գործընթացը։ «Բարձր մակարդակով հանդիպումը զգալի արդիւնքներ տուած էր։ Կողմերը վերահաստատած էին իրենց յարգանքը հրադադարի նկատմամբ եւ իրավիճակը զգալիօրէն կայունացած էր շփման գծին վրայ», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց կողմերուն՝ որպէսզի աջակցին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչին լիազօրութիւններու ընդլայնման եւ սկսին աշխատիլ հետաքննութիւններու դրութեան ստեղծման վերաբերեալ առաջարկին շուրջ։ Պաէր շարունակեց. «ԱՄՆ կ՚աջակցի հայերու եւ ազէրիներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ու երկխօսութեան ընդլայնման ուղղեալ միջոցառումներուն, ինչ որ կրնայ օգնել անվտանգութեան տեսակէտէ իրավիճակի կայունացման ու բանակցութիւններու համար աւելի շինիչ մթնոլորտի մը ստեղծման։ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ Գերմանիոյ նախագահութեան ու ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ սերտ համագործակցութիւնը, անոնց աջակցութիւնը համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ տեղւոյն վրայ իրավիճակի կայունացման։ Մենք կը բաժնենք կողմերու հիասթափութիւնը այն հարցին մէջ, որ հակամարտութիւնը շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգձգուի։ Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ ԱՄՆ նախկինին նման խորապէս յանձնառու է աշխատիլ կողմերուն հետ, որպէսզի ապահովուի հակամարտութեան ամուր ու խաղաղ կարգաւորումը»։
Ծանօթ է, որ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին, Համպուրկի մէջ կը նախատեսուի հանդիպում մը՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ Թէեւ տակաւին ամէն ինչ վերջնականօրէն յայտնի չէ, սակայն միջնորդները բուռն աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ։ Համպուրկի հանդիպումը, եթէ կայանայ, մաս կը կազմէ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հաւաքի շրջագծին։ Ներկայ սպասման մթնոլորտին մէջ հայկական կողմը հանդէս կու գայ վերապահ արտայայտութիւններով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ այս խնդրին։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, որ Պաքու կը շարունակէ խոչընդոտել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։ Այս հանգամանքին որպէս օրինակ ան մատնանշեց Ատրպէյճանի բանակի վերջին լայնածաւալ զօրավարժութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան միջազգային իրաւունքի խախտումներով։ «Արձագանգ արդէն եղած է արտաքին գործոց նախարարին կողմէ։ Խնդիրը այն է, որ Սեն Փեթերսպուրկէն ու Վիեննայէն յետոյ նման զօրավարժութիւններու համար 40 օր առաջ պէտք է տեղեակ պահէին, ինչ որ չեն ըրած։ Սա կրկին կը վկայէ այն մասին, որ Պաքու, ըստ էութեան, կը շարունակէ խոչընդոտել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։
Անդրադառնալով սահմանի իրավիճակի սրման վերաբերեալ կանխատեսումներուն՝ փոխ-նախարարը մատնանշեց, որ հայկական կողմը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ ամէն տեսակ քայլի։
Եդուարդ Նալպանեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ անդրադարձած էր Համպուրկի մէջ նախատեսուած տեսակցութեան։ Լրագրող մը իրեն հարց տալու ժամանակ ըսած էր, որ համանախագահները յայտարարած են, թէ Դեկտեմբերին հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ու հետաքրքրուած էր հայկական կողմի ակնկալութիւններով։ Ի պատասխան՝ Նալպանտեան նշած էր հետեւեալը.
«Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ եռանախագահները այդպիսի յայտարարութիւն մը չեն ըրած։ Եռանախագահներէն մին յոյս յայտնած է, որ այդպիսի հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ։ Ի պատասխան Ատրպէյճանէն յայտարարեցին, որ պատրաստ են մասնակցիլ այդ հանդիպման։ Սակայն Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւնները կը պարունակեն հակասութիւններ։ Մէկ կողմէ կ՚ըսեն, որ պատրաստ են մասնակցիլ հանդիպումներու, եռանախագահ երկիրներու կողմէ նախաձեռնութեամբ։ Միւս կողմէ յայտարարութիւններ կ՚ընեն, ըստ էութեան, հակադրուելով եռանախագահներու մօտեցումներուն։ Առաւելապաշտական մօտեցումներ կ՚արտայայտուին եւ կը յայտարարեն, որ միջազգային իրաւունքի միայն մէկ սկզբունքին վրայ կրնայ գտնուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը։
«Յիշեցնեմ, որ եռանախագահները բազմիցս ըսած են ու կրկնած, որ հիմնախնդիրը կրնայ լուծուիլ միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներու հիման վրայ՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան։ Համանախագահները բազմիցս յայտարարած են, որ այդ սկզբունքները, նաեւ իրենց կողմէ առաջարկուած տարրերը, որոնք հիմնուած են այդ սկզբունքներուն վրայ, կը ներկայացնեն ամբողջութիւն մը։ Այդ սկըզ-բունքները, տարրերը տարանջատելու փորձերը անհնարին կը դարձնեն հիմնախնդրի կարգաւորումը։ Պաքու պէտք է կողմնորոշուի՝ արդեօք իսկապէս կը փափաքի՞, որ համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ շարունակուին բանակցութիւնները։ Որովհետեւ մէկ կողմէ կ՚ըսէ, որ պատրաստ է մասնակցելու հանդիպումներուն, բայց միւս կողմէ դէմ դուրս կու գայ եռանախագահներու առաջարկներուն, որոնք կը հանդիսանան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հիմքը։ Այլապէս, այս հանդիպումներուն սոսկ մասնակցիլը կը դառնայ Ատրպէյճանի կողմէ աճպարարութիւն։ Այս երեւոյթի ապացոյցներէն են իրենց մասնակցութիւնը Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն։ Մասնակցեցան, բայց սա ի՞նչ տուաւ։ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներէն մինչեւ այսօր Պաքու կը հրաժարի իրականացնել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։ Կ՚ընեն ամէն ինչ, որպէսզի այդ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի չկոչուին։ Անոնք, որոնք կասկածներ ունէին, թէ Ատրպէյճան կրնայ երթալ իրավիճակի սրման, այս կապակցութեամբ յստակ ապացոյցներ ստացան Ապրիլի սկիզբին անոր կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքին։ Ապրիլեան բռնութենէն յետոյ եռանախագահներու եւ Հայաստանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են՝ խնդրի կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման։ Պէտք է շեշտեմ, որ Հայաստան երբեք չէ հրաժարած հանդիպումներէ։ Մասնակցելով այդ հանդիպումներուն՝ Հայաստան ընդունած է նաեւ այն շրջանակը, որ կ՚առաջարկուի բանակցութիւններու համար համանախագահներուն կողմէ։ Այս է տարբերութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ քանի մը ամիս առաջ Ատրպէյճան կը հրաժարէր ընդհանրապէս հանդիպիլ նոյնիսկ եռանախագահներուն հետ եւ կ՚ըսէր, որ համանախագահները անօգուտ զբօսաշրջիկներ են։ Ի հարկէ, մենք պատրաստ ենք մասնակցիլ հանդիպումներուն։ Այս մէկուն հնարաւորութիւնը յայտնի կը դառնայ մինչեւ Համպուրկ տեղի ունեցած զարգացումներով։ Արդարեւ, կարեւոր միջազգային հանդիպումներէն առաջ, ինչպէս միշտ, Ատրպէյճան կը սրէ իրավիճակը հակամարտութեան գօտիէն ներս եւ հիմա ալ յայտարարած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններու մասին, որոնց ներգրաւուած պիտի ըլլայ ազէրի բանակի գրեթէ ամբողջ ներուժը՝ 60 հազար զօրք, հրասայլեր, հրթիռներ, ռազմաօդային ուժեր եւայլն։ Սա Վիեննայի փաստաթուղթի ակնյայտ խախտում է, որովհետեւ, ըստ կարգի, պէտք է 42 օր առաջ տեղեակ պահէին, եթէ զօրավարժութիւններուն մասնակից զօրքերուն թուաքանակը կը հասնի 9 հազարի։ Բայց խնդիրը ոչ միայն տեղեկացնելու կամ չտեղեկացնելու մէջ է։ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի Համպուրկի ժողովէն առաջ Ատրպէյճան կը ձեռնարկէ սադրիչ քայլի։ Բաց աստի, սաստկացած են Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները հակամարտութեան գօտիէն ներս։
«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Համպուրկի մէջ կայանալիք հանդիպման ձեւաչափը տակաւին յստակացած չէ։ Պիտի տեսնենք, ըստ զարգացումներուն եւ պիտի տեսնենք հիմա, թէ ինչ առաջարկներ պիտի ըլլան եռանախագահներուն կողմէ այդպիսի հանդիպումներու կազմակերպման շուրջ։ Բայց մէկ բան յայտնի է, որ եռանախագահներու հետ հանդիպումներ պիտի ըլլան»։