ՏԵՐԻՔԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏ ՖԱԹԻՀ ՍԱՖԻԹԻՒՐՔ ԶՈՀ ԳՆԱՑ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ նոր բռնութեան մը պատճառ դարձաւ՝ յարձակում մը գործելով Մարտինի Տերիք գաւառակի գաւառապետութեան շէնքին վրայ։ Ահաբեկչական այս հանդիպումը կատարուեցաւ հրթիռներով։ Յարձակման հետեւանքով գաւառապետ Մուհամմէտ Ֆաթիհ Սաֆիթիւրք եւ այլ երեք հոգի վիրաւորուեցան։
NTV-ի հաղորդումներով, վիրաւորեալները անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցան, սակայն հակառակ բոլոր ջանքերուն կարելի չեղաւ փրկել գաւառապետին կեանքը։ Կէսօրուան ժամերուն պատահած դէպքէն վերջ այս առաւօտեան ժամերուն յայտնի դարձաւ, որ գաւառապետ Մուհամմէտ Ֆաթիհ Սաֆիթիւրք նահատակուած է։
Ըստ մամուլին մօտ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, պայթուցիկ նիւթը նախապէս տեղակայուած էր գաւառապետի սենեակին մէջ եւ ան հեռակայ դրութեամբ պայթեցուած է։