ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կենսունակ պահել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը։ Մօտաւոր անցեալին Ժընեւի մէջ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովէն վերջ, միջնորդները ներկայիս աշխատանք կը տանին հանդիպում մը կազմակերպելու համար երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝  Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին մինչեւ տարեվերջ կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ար-տաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Համանախագահները այս գործին ձեռնարկած են՝ հաշուի առնելով Ժընեւի գագաթաժողովի արդիւնքները։ Ռուս բանբերը աւելցուց, որ կը քննարկուին նաեւ այլ ձեւաչափերով հանդիպումներ կազմակերպելու հնարաւորութիւնները։ Այսպէս, այլ ձեւաչափով հանդիպումները չեն բացառուիր ու կը գտնուին մշակման փուլի մէջ։ Ըստ Մարիա Զախարովայի, մինչեւ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն առանձին խորհրդատուութիւններ ունենալ անոնց հետ։ Ներկայիս ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով աշխատանք կը տանի իր ամերիկացի եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցներուն՝ Էնտրու Շեֆըրի եւ Սթեֆան Վիզքոնթիի հետ այդ խորհրդատուութիւններուն վայրն ու ժամկէտը որոշելու համար։ Մօտաւոր անցեալին Էլմար Մամետեարով տեղեկացուցած էր, որ 16 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։

Բաց աստի, ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մօտալուտ տարեկան ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ պիտի գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախարարաց այդ տարեկան հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 7-8 Դեկտեմբերին, Վիեննայի մէջ։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի գրասենեակին կողմէ այս կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնները, որոնք պիտի քննարկուին հանդիպման ընթացքին, ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս հակամարտութիւններու գօտիի մէջ լարուածութեան նուազումէն բացի ծայրայեղականութեան դէմ պայքարն է, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս վստահութեան վերականգնման ուղղեալ ջանքերը։ Սակայն, հակառակ անոր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի չըլլայ հանդիպման առանձին նիւթը, պատուիրակութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան անդրադառնալու այդ հարցին»։

Քանի մը օր առաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ կարեւորած էր ԵԱՀԿ-ի ներուժի օգտագործումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ տեսակցութեան ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց այն համոզումը, թէ կարեւոր է ԵԱՀԿ-ի ներուժի օգտագործումը հակամարտութիւններու կարգաւորման նպատակով։ «Նախ եւ առաջ խօսքը Ուքրայնոյ եւ Մերձտնեստրի մասին է։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ աշխուժօրէն կ՚աշխատին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները»,  ըսաւ Սերկէյ Լաւրով եւ աւելցուց, թէ Պալքաններէ ներս ծաւալուող աշխատանքներու պարագային ալ կարեւոր կը համարուի ԵԱՀԿ-ի ներգրաւուածութիւնը։

Միւս կողմէ, Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութա վերջին օրերուն Ատրպէյճանի շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի մասին։ «ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ որոշումներ առնուած են, թէ ինչպէս պէտք է յառաջ տանիլ գործընթացը», ըսաւ դեսպանը եւ աւելցուց, որ այդ մասին քննարկումներ ունեցած է նաեւ Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շեֆըրի հետ։ Հայաստանեան մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած են ամերիկացի դեսպանին յայտարարութիւնները։ Երեւանի աղբիւրները ուշագրաւ կը համարեն, որ ամերիկացի դեսպանը մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած՝ Ուաշինկթընի նոր վարչակազմին կողմէ ընդունուած որոշումներուն առընչութեամբ։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան աշխուժացման եւ նոր քայլերու մասին տակաւին ամիսներ առաջ խօսած էր նաեւ Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտ՝ իր պաշտօնը փոխանցելէ կարճ ժամանակ առաջ։ Ան այդ ժամանակ յայտարարած էր, որ վարչակազմի ձեւաւորումէն եւ արտաքին քաղաքական ռազմավարութեան ամբողջացումէն վերջ ԱՄՆ պիտի աշխուժանայ ղարաբաղեան հարցին մէջ։ Այժմ Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը՝ Ուաշինկթընի կողմէ ընդունուած որոշումներու մասին, թէ ինչպէս պէտք է շարունակուի գործընթացը։

Շուրջ շաբաթ մը առաջ ալ, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մասին արտայայտուած է՝ պատասխանելով խումբ մը գոնկրէսականներու նամակին։ Պետական քարտուղար Թիլըրսըն Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի հաւանական քայլերուն վերաբերեալ յայտարարած էր, որ լիովին համամիտ է դիպուկահարներու ետ քաշուելուն եւ հրադադարի պահպանման դրութիւններու ներդրման գաղափարներուն։ Ան մատնանշած էր, որ սա ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան դիրքորոշումն է։

Շփման գծի վրայ հրադադարի վերահսկման դրութեան հաստատման անհրաժեշտութեան եւ առաջնահերթութեան մասին ամերիկեան կողմը յայտարարած էր տակաւին նախորդ վարչակազմի ժամանակաշրջանին։ Ներկայիս ալ ընդունուած որոշումներու մասին յայտարարութիւններ կը կատարուին։ Հայաստանեան կարգ մը մեկնաբաններ յատկանշական կը համարեն, որ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանին կողմէ։ Արդարեւ, ըստ էութեան, Ատըր-պէյճանն իսկ կը խոչընդոտէ այդ վերահսկման դրութիւններու հաստատումը, կը մերժէ զանոնք տեղակայելու առաջարկը կամ այլ խօսքով՝ Վիեննայի օրակարգը։ Հետեւաբար՝ պէտք է ենթադրել, որ ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի որոշումները կ՚առընչը-ւին այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահովել Ատրպէյճանի դիրքորոշման փոփոխութիւնը։

Նոյն մեկնաբաններու կարծիքով, կարգաւորման գործընթացը շարունակելու համար այլ ճանապարհ մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ հակառակ պարագային գործընթացը կը մատնուի փակուղիի եւ փակուղիէն ալ սովորաբար կը ծնի պատերազմ։ Ներկայիս խնդիրը ակնյայտօրէն այն է, թէ քաղաքական շարունակութեան ինչպիսի ձեւաչափ մը պէտք է ընտրել, որ նախորդ երկու տասնամեակի գործընթացի բաղդատմամբ պիտի ունենայ կայունութեան շատ աւելի հաստատուն հիմքեր եւ թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր ձեռքով պահել ներկայ կարգավիճակի կացութիւնը փակուղիէն զերծ պահելու համար ապահովելով որոշ քաղաքական բովանդակութեան գոյութիւնը։

Ըստ նոյն մեկնաբանութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ԱՄՆ կը փորձէ նաեւ փակել Ռուսաստանի պատուհանը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017