ՃԱԲՈՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀՆՉԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԵՄԷՆ

Office K2 «Ճաբոնական երաժշտական նախագիծ»ը համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, համերգին ներկաներու շարքին էր Հայաստանի մօտ Ճաբոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էյճի Թակուչի։ «Ինծի համար մեծ հաճոյք է այսօր Հայաստանի մէջ ներկայացնել ճաբոնական երաժշտութիւնը։ Ան ոչ միայն աւանդական է, այլեւ ժամանակակից, աշխոյժ։ 2011 թուականին Ճաբոնի մէջ աւերիչ երկրաշարժ տեղի ունեցաւ։ Այդ դէպքէն յետոյ մեր երկիր այցելեց նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Այս համերգը իւրատեսակ շնորհակալական միջոցառում է ճաբոնցի ժողովուրդէն հայ ժողովուրդին», ըսաւ ան։

Համերգի ընթացքին ելոյթներ ունեցան երաժիշտներ Թոկի Թաթարայի, Եաս-Քազին, Քիմիհիրօ Քիտամուրայ, Շիպաթա քոյրեր եւ եղբայր, ինչպէս նաեւ հայազգի երաժիշտ Հայկ Կարապետեան։

Անոնք հնչեցուցին ճաբոնական աւանդական երաժշտութիւն եւ զարմացուցին ունկնդիրները՝ իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ կատարելով «Ծիծեռնակ» եւ «Գայիանէ» պալէէն «Սուսերով պարը» ստեղծագործութիւնները։

Երաժշտասէրները բուռն ծափահարութիւններով արձագանգեցին բոլոր ելոյթներուն։

Նարկայ հիւրերու շարքին էին Ճաբոնէն, Հայաստանէն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ օտարերկրեայ դիաւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Հայաստանի մօտ Ճաբոնի դեսպանութեան, Հայ-ճաբոնական «Հիկարի» կեդրոնին կողմէ, որոնց աջակցած էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017