ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՋԵՐՄ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Երեւանի մէջ վերջերս նշուեցաւ Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր ու տնօրէն Յովհաննէս Այվազեանի ծննդեան 70-ամեակը։ Այս առթիւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ մը։ Յովհաննէս Այվազեանի մեծարանքի այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեծարանքի ցերեկոյթի ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ. «Հրատարակիչ, խմբագիր, քիմիական գիտութիւններու տոքթոր Յովհաննէս Այվազեան ունի լայն մտահորիզոն։ Ան պայքարող եւ արարող տեսակ մըն է։ Աշխատանքի բերումով բազմիցս առընչուած եմ Յովհաննէս Այվազեանի հետ։ Հրաշալի է հանրագիտարաններու այն շարքը, որ տպագրուած է իր օրով։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, 1990-ականներուն ան յաջողեցաւ համախմբել հանրագիտարանի վրայ աշխատող բոլոր մարդիկ եւ չյանձնուեցաւ, շարունակեց հանրագիտարաններու հրատարակումը եւ մենք միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին պատուով կը ներկայացնենք այդ հանրագիտարանները»։

Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Էդիկ Մինասեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը եւ ֆաքիւլթէի աշխատակազմին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց մեծարեալին։ Արտայայտուեցաւ նաեւ յայտնի պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան։ Յովհաննէս Այվազեանին շնորհուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի ոսկէ մետայլը՝ գրական, հրատարակչական հասարակական գործունէութեան բերումով։

Իր սրտի խօսքին մէջ Յովհաննէս Այվազեան յայտնեց, որ կ՚երազէ Հայոց ազգային հանրագիտարանի նոր հրատարակութեան մասին։ «Լաւ է, որ մեր երկրին մէջ կան թեմաթիկ հանրագիտարաններ։ Բայց Հայոց ազգային հանրագիտարանը չափազանց մեծ նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր երկրին համար։ Կը յուսամ՝ պիտի կարենամ իրականացնել երազանքս», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11, 2017