ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Ինչպէս ամէն դպրոցական արձակուրդներուն՝ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան 5-11 տարեկան վալանսաբնակ հայ երեխաներու եւ իրենց ծնողներուն համար նախատեսուած կրթական-ժամանցային ձեռնարկներ, որոնք կը կոչուին «Մանուկներու մշակոյթի արուեստանոց»:
Այս ձեռնարկը ծանօթ է երեխաներուն, որոնք սիրով եւ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին: Այս անգամ եւս բացառութիւն չկազմեց:
Հայ մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ճինպաշեան իր խումբին հետ միասին, հիմք ընդունելով նախկին չորս տարիներու փորձը, երկու ամիս պատրաստուած է, որպէսզի երեխաներուն հնարաւորութիւն տրուի ընտելանալու հայերէն լեզուին եւ մշակոյթին:
Ծրագրին մէջ ներառուած են հայկական գեղարուեստական եւ մշակութային համագումարներ, հայերէնի դասեր, նկարչութիւն, հայկական գեղագրութիւն, պարեր, երգեցողութիւն, խաղեր եւ այլն:
Նկարչական արուեստանոցը վարեց տաղանդաւոր արուեստագէտ Ժերոմ Պոյաճեան, իսկ անուշեղէններու վարպետ Արմինէ Սբիրեան-Րասկելինեան երեխաներուն ծանօթացուց միրգերու խմորեղէններու (Pâtes de fruits) արուեստագիտութիւնը:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ շուրջ ութսուն հանդիսատեսներու ներկայութեամբ՝ մեծ պաստառին ներկայացուող բազմաթիւ ցուցադրութիւններով, երեխաներու պարային եւ երաժշտական ներկայացումներու մասնակցութեամբ:
Յաջորդ ձեռնարկը կ՚իրականացուի Կաղանդի եւ Փետրուարի դպրոցական արձակուրդներուն: