ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի թեկնածուներէն՝ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ի նպաստ շաբաթավերջին զօրակցութեան խանդավառ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուեցաւ՝ իր պատգամաւորական թեկնածուներուն եւ համակիրներուն հետ։ Սրահը զարդարուած էր Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մեծադիր նկարներով, զանազան պաստառներով եւ այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ ներկայացուեցան այն պատգամաւորի թեկնածուները, որոնք ընտրուելու պարագային պիտի աջակցին իրեն։ Անոնք մեր համայնքին նարնջագոյն ցուցակներով պիտի ներկայանան յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ։

Այս հաւաքոյթը բնորոշեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախընտրական քարոզարշաւի վառ փուլերէն մին։ Նորին սրբազնութիւնը երեկոյթի ընթացքին ունեցաւ նաեւ ոգեւոր ելոյթ մը՝ շեշտելով ազգի յաւերժութեան գաղափարը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2019