ԹԱՆՁՐ ԽԱՒԱՐ

Հայաստանէ հասած լուրերը կը շարունակեն մնալ չափազանց մտահոգիչ։ Թանձր խաւարի մը մատնուած է երկիրը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Այնպիսի ծանր պայմաններով, այնպիսի միակողմանի զիջումներով Հայաստան պարտաւորուած է հրադադարի մը յօժարիլ, որ երկիրը եղած է տակնուվրայ։ Հրադադարի յայտարարութենէն ի վեր քաոս կը տիրէ ամբողջ Հայաստանի մէջ, ինչ որ կը սպառնայ պետականութեան հիմքերուն։ Զուգահեռաբար քաղաքական անխուսափելի տագնապ մը ծնունդ առած է, ինչ որ կը զուգորդուի իրերամերժ յայտարարութիւններով, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հակադիր մօտեցումներու բարձրաձայնումով։ Պատերազմի կասեցման համար ստորագրուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները մէկ կողմէ կը ցնցեն Հայաստանը, իսկ միւս կողմէ իրերամերժ յայտարարութիւններով այնպիսի պղտորութիւն մը կը խորանայ, որ այդ ցնցումը կասեցնելու ենթագետնի ձեւաւորման արգելք կը հանդիսանայ։

Առկայ փակուղիին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տեսակէտէ երկիրը ղեկավարելու հնարաւորութիւնը հետզհետէ կը նուազի։ Ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրերայաջորդ ուղիղ եթերներով Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ արդարանալ ժողովուրդին առջեւ։ Ան միշտ դիտել կու տայ, որ ինչպիսի ստիպողութիւններու տակ ստորագրած էր հրադադարի յայտարարութիւնը։ Ան դիտել կու տայ, որ այդ յայտարարութիւնը ո՛չ թէ կորսնցնելու, այլեւ՝ պահելու մասին եղած է։

Երեւանի կեդրոնին ժողովուրդը պոռթկումով արդէն փողոց դուրս եկած է։ Բողոքի ցոյցերուն առընթեր տեղի կ՚ունենան բռնութիւններ եւ անկարգութիւններ։ Ցուցարարներու ներխուժած խորհրդարանի, կառավարութեան նման պետական շէնքերու դրուագները բոլորի հայեացքին առջեւ են։ Երէկ երեկոյեան, փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան հեռատեսիլի վրայ յայտարարեց, որ հրադադարի համաձայնութեան հաւանութիւն տրուած է՝ հաշուի առնելով ապագայ հաւանական զարգացումներու ռիսքերն ու վտանգները։ Ըստ իրեն, եթէ պէտք է, իշխանութիւնը կը հեռանայ, սակայն յեղաշրջման փորձերը շատ կոշտ ձեւով կը կասեցուին։ Փոխ-վարչապետի այս յայտարարութիւնները պատմականօրէն իսկապէս շատ նշանակալից էին։ Արդարեւ, այդ խօսքերը կը հնչէին բերնով այնպիսի պետական գործիչի մը, որու պատկանած վարչախումբը շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ նոյնպէս յեղափոխութիւնով, զանգուածային ցոյցերով իշխանութեան գլուխ անցած էր Հայաստանի մէջ։ Սա, ըստ երեւոյթին պատմութեան դառն խաղն է։

Երեւանի մէջ 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ այսօր նախատեսած են հանրահաւաք մը կազմակերպել Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Իշխանութիւնները թոյլ չեն տուած, որ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հետեւին հանրահաւաքին։ Արդէն սկսած են հասնիլ դրուագներ, որոնք ցոյց կու տան ընդդիմադիր գործիչներու ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուիլը։ Կը հաղորդուի, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) այս առաւօտ ձերբակալած է նաեւ ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը, որ հեռուստահաղորդումի մը ընթացքին զգայացունց պնդումներ օրակարգի վրայ բերած է պատերազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Առայժմ յայտնի չէ, որ իրադարձութիւնները ինչ ընթացք կրնան ունենալ այս հանրահաւաքի նախաձեռնութեան շարունակութեան։ Իսկ աչալուրջ շրջանակները այս փուլին միշտ կ՚ընդգծեն ցնցումներէ խուսափելու հրամայականը՝ մանաւանդ ներքին բախումներէ հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, ստեղծուած ծանր պայմաններուն ներքեւ անհանդուրժելի են ներքին լարուածութիւնը, ի գին ամէն բանի պէտք է կանխուին քաղաքացիական հաւանական պատերազմի մը վտանգները։

Հարցականներու ամբողջ շարանի մը մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ձեռնարկեց քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքի մը։ Ան ստեղծուած իրավիճակը քննարկեց խորհրդարանական կամ արտախորհրդարանական զանազան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ անհատ գործիչներու հետ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ու Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020