ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՉԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հայաշխարհէ ներս ստեղծուած ծանր կացութեան զուգահեռ երէկ հանդէս եկաւ զգաստութեան, արիութեան եւ միասնականութեան կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած այս կոչին բնագիրը։

Անցնող քառասունչորս օրերը, մեր ազգին համար հանդիսացան հոգեկան ծանր ապրումներու շրջան մը, հպարտութեան, խանդավառութեան, հերոսութեան, վախի, բարկութեան, յուսախաբութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այժմ, կողմնորոշուելու եւ մեր յետագայ գործընթացը ճշդելու այս հանգրուանը կրնայ վախազդու թուիլ մեզի, սակայն նման պահերու է որ հայութիւնը դրսեւորած է իր նկարագիրի ամրութիւնը եւ կամքի տոկունութիւնը: Մենք վերապրած եւ գոյատեւած ենք միշտ: Հազարամեակներ շարունակ մեր գոյութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդը իր ոգեկան հզօրութեամբ դիմակալած է բոլոր տեսակի խոչընդոտներ եւ ուժեր, որոնք փորձած են ընկճել մեզ: Քաղաքակրթական մեր ժառանգութիւնը եւ աւանդը, յատկանշուած են յարատեւ իրագործումներով: Այսպիսի պահերու, երբ խորտակուած ըլլալու զգացումը կրնայ վհատեցնել մեզ, պէտք է նայինք մեր պատմութեան եւ քաջալերուինք մեր ժողովուրդի հաստատակամութեան եւ յաւերժութեան ամենապայծառ օրինակներով:

Քառասունչորս օրեր շարունակ, հայութիւնը, աշխարհի տարածքին, միաձուլեց իր ներուժն ու կամքը եւ ամէնուրեք լսելի դարձուց իր ձայնը: Անծանօթներ, միասնական պայքարի զօրակիցներ ու գործակիցներ հանդիսացան: Մեր հողերուն եւ մեր ազգակիցներուն դէմ շղթայազերծուած անակնկալ յարձակումը միացուց մեզ, մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ համա-խըմբելով մեր ժողովուրդը: Այս իրականութիւնն է որ պիտի մղէ մեզ կերտելու մեր պատմութեան նոր ժամանակաշրջանը: Այս նոր հանգրուանին, մենք պիտի շարունակենք գործել միասնաբար, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը, մեր ազգին եւ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ ապաքինումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Մենք պէտք է հանդարտութեամբ տոգորենք մեր սիրտերը  եւ համախմբուինք ազգաշինութեան միեւնոյն ոգիով: Ասիկա մեր պարտքն է, այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք նուիրաբերեցին իրենց կեանքերը, վիրաւորներուն, որոնք ապաքինումի ընթացքի մէջ են այսօր եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան իրենց կորուստները: Հայաստան կարիքը ունի մեր բոլորին: Արցախը կը կանչէ մեզ: Աւելի քան երբեք, մենք պէտք է միացնենք մեր ուժերը:

Զգաստութեան պահն է: Անհրաժեշտ է, որ մեր պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, մեր ժողովուրդը ըլլայ գիտակից, միասնական եւ օրինապահ, զօրավիգ կանգնի պետութեան եւ մեր ազգային կառոյցներու անվտանգութեան: Կոչ կ՚ուղղենք մեր ազգի նուիրեալներուն, անհատներու, մարդասիրական կամ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, գործելու միասնական ոգիով, ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, ինպէս միշտ, պատրաստ է ծառայելու ազգին: Պատրաստ, նախաձեռնելու երբ կարիքը կը ներկայանայ: Պատրաստ, զօրակցելու մեր ժողովուրդին, պետութեան եւ եկեղեցիին:

ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՇՏ ՀԶՕՐ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020