ՆՈՐ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութիւնը նոր գործակցութեան մթնոլորտ մը կ՚ուրուագծէ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն առջեւ։ Փաստաթուղթի ստորագրումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Ռուսաստան ամենաբարձր մակարդակի վրայ սերտ կապի մէջ կը մնան։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ կողմերը անմիջական շփում հաստատած են եւ սա արդէն որոշիչ գործօն մը եղաւ հրադադարի համաձայնութեան ստորագրման տեսակէտէ։

Երէկ երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն միջեւ հերթական սերտ շփումներու օրն էր։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Յաջորդեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կարեւորեցին լիակատար հրադադարի մասին պայմանաւորուածութեան ձեռք բերուիլը եւ անոր ամբողջութեամբ պահպանուիլը։ Անոնք համաձայնեցան ապագային սերտ համագործակցութիւն ծաւալել՝ յայտարարութիւնով նախատեսուած միջոցառումներու համալիր իրագործման համատեսքին մէջ։ Քրեմլինի աղբիւրներու այս հաղորդումներուն առընթեր, Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին յաւելեալ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Էրտողան կարեւորած է Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ նրբանցքի մը բացուած ըլլալը։ Ան կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստանի բռնագրաւման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղը լքելու պարտաւորուած ատրպէյճանցիներու վերադարձը։ Ըստ Էրտողանի, Հայաստանի բռնագրաւումէն ազատուած տարածքներէն ներս, Ատրպէյճանի կողմէ ճշդուելիք վայրի մը մէջ պիտի հաստատուի համատեղ կեդրոն մը, որով Ռուսաստանի հետ միասին Թուրքիան ալ հրադադարի վերահսկողութեան համար գործունէութիւն պիտի ծաւալէ։ Հետեւաբար, այս առումով ռուսական կողմին կարեւոր պատասխանատուութիւն մը կը վիճակի։

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցէն վերջ, օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։

Այս խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ հրադադարի համաձայնութեան մէջ կողմերը չեն պայմանաւորուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրք խաղաղապահներու տեղակայման մասին։ Հայաստանի կառավարութեան բանբեր Մանէ Գէորգեանն ալ օրուայ ընթացքին տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թուրք խաղաղապահներու տեղակայման հարց չէ քննարկուած։ Յամենայնդէպս, օրուայ աւարտին «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներու բացատրութիւններուն։ Այսպէս, Ատրպէյճանի տարածքէն ներս հրադադարի վերահսկողութեան ռուս-թրքական կեդրոն մը պիտի ստեղծուի։ Այսպէս, այդ կեդրոնը կը ստեղծուի Ատրպէյճանի տարածքէն ներս ու չի յարիր Լեռնային Ղարաբաղին։ «Թուրքիոյ դերը կը սահմանափակուի կրակի դադրեցման վերահսկողութեան համար ստեղծուած կեդրոնի շրջանակներով եւ չի վերաբերիր Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան», տեղեկացուցած են Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները։

Այս կապակցութեամբ Անգարայի աղբիւրներու աւելի բաց եւ մանրամասն հաղորդումներ կատարելը, իսկ ռուսական կողմի ժլատութիւնն ու պարզաբանողի դերին մէջ ըլլալը անանտեսելի է ստեղծուած իրավիճակին մէջ։

Միւս կողմէ, Թուրքիայէն հերթական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հրադադարի յայտարարութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Պաքու այցելած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան եւ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Իւմիտ Տիւնտար։ Թրքական պատուիրակութիւնը յաղթանակի կապակցութեամբ շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւը։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կը շարունակեն լայնօրէն արձագանգ հանդիսանալ Ատրպէյճանի յաղթանակի տօնակատարութիւններուն, նաեւ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020