ՖՐԱՆՍԱ ՏԵՂԵԿԱՑՈՒՑ, ՈՐ ՀԱՐՑԻ ՏԵՒԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ

Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած հրադադարի համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Մոսկուայի աշխոյժ դերակատարութեամբ եւ Անգարայի ակնյայտ ազդեցութեամբ ստորագրուած այս փաստաթուղթը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան արժանացած է։ Պաքուի տեսակէտէ մեծ յաղթանակ մը եւ Երեւանի տեսակէտէ իսկական ձախողում մը կը նշանակէ այդ յայտարարութիւնը, որուն երէկուընէ ի վեր կ՚արձագանգեն միջազգային դերակատարները։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան չեն մասնակցած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ համաձայնութեան հասնելու գործընթացին։ Ըստ իրեն, սա եռակողմանի համաձայնագիր մըն է՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այս իրավիճակին մէջ երէկ Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն գնահատականներ հնչեցին հրադադարի յայտարարութեան շուրջ։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ համաձայնագիրը, շահագրգռուած ենք իմանալ աւելին»։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբերը ընդգծեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, սակայն առայժմ չի մեկնաբաներ այդ կապակցութեամբ ձեռք բերուած նոր պայմանաւորուածութիւնները։ Ամերիկացի դիւանագէտի խօսքով՝ Ուաշինկթըն վճռակամօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս, շփման գծի վրայ բռնութիւնները, կը ցաւի մարդկային զոհերու համար։ «Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրը, որ մշակուած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։ Մենք շահագրգռուած ենք աւելին իմանալ այս նոր պայմանաւորուածութեան կիրառման մանրամասնութիւններուն եւ ծրագրերուն մասին», յայտնեց ան։

Փարիզի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց փաստաթուղթի ստորագրման։ Էլիզէի պալատի աղբիւրները «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան յայտնեցին, որ Ֆրանսա կ՚ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքաշրջանէն ներս հրադադարի հաստատման չափորոշիչները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Նախագահական պալատի մամլոյ ծառայութիւնը այս առթիւ ընդգծեց, որ որեւէ երկարաժամկէտ համաձայնագրի մէջ պէտք է հաշուի առնուին Հայաստանի շահերը։ Ֆրանսական կողմը այս փուլին ալ շարունակած է քննադատել Թուրքիան։ Էլիզէի պալատի աղբիւրները մատնանշած են, որ Թուրքիա պէտք է դադրեցնէ տարածքաշրջանէ ներս իր սադրանքները ու զերծ պէտք է մնայ ամէն տեսակ գործողութենէ, որ կրնայ վտանգել ապագայ պայմանագիրը։ Մինչ Էլիզէի աղբիւրները ապագայ համաձայնութիւնը սպառնալիքի տակ դնելէ խուսափելու մասին խօսեցան, «AFP»ի հաղորդումներով, նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ կրկնեց այն կոչը, ըստ որու պէտք չէ առնել որեւէ քայլ, որ կրնայ վնասել տեւական խաղաղութեան հնարաւորութիւնը։ «Խնդրի տեւական լուծումը պէտք է պաշտպանէ Հայաստանի շահերը», նշած է Մաքրոն։ Նոյնպէս Էլիզէի աղբիւրները շեշտած են, որ որեւէ պայմանաւորուածութիւն պէտք է երաշխաւորէ Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնն ու նկրտումները։ «Անհրաժեշտ է անյապաղ քայլերու ձեռնարկել՝ հակամարտութեան տեւական լուծումը գտնելու համար, ինչ որ թոյլ պիտի տայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մնալ իր բնակավայրերէն ներս, տեղահանեալ տասնեակ հազարաւորներուն ալ՝ վերադառնալ իրենց տունը։ Ֆրանսա այս ծանր պահուն կանգնած է Հայաստանի ժողովուրդի կողքին», նշուած է Էլիզէի յայտարարութեան մէջ։

Իր կարգին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանն ալ յայտնեց, որ Երեւան եւ Պաքու պէտք է անյապաղ վերսկսին բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ։ Ըստ իրեն, կարգավիճակը յստակեցնելու ուղղեալ բանակցութիւնները հակամարտութեան երկարաժամկէտ լուծում տալու նպատակ պիտի ունենան։ Այդ բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին անյապաղ։ «Պէտք է թոյլ տրուի հակամարտութեան հետեւանքով վերջին շաբաթներուն տեղահանեալ անձերու վերադարձին ու պէտք է որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակը», ըսաւ ֆրանսացի նախարարը։

Փարիզի արձագանգի այս շեշտադրումները կարեւոր կը համարուին, որովհետեւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած վերջին յայտարարութեան մէջ որեւէ ակնարկութիւն գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին։ Նկատի ունենալով, որ հայկական կողմը շատ ծանր պայմաններու ենթարկուած ըլլալով այդ փաստաթուղթը ստորագրած է, գործնականօրէն կը կատարուի այն հետեւութիւնը, թէ Արցախի ապագայ կարգավիճակի խնդիրը ինքնաբերաբար փակուած է այդ փաստաթուղթով։

Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ յստակեցուցած էր, որ հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան մէջ չի խօսուիր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին։  Ըստ իրեն, յայտարարութեան մէջ շրջանի կարգավիճակը չէ յստակեցուած ու պէտք է հիմնուիլ միջազգային փաստաթուղթերու եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն վրայ։ «Այո՛, այս փաստաթուղթին մէջ չի խօսուիր Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին։ Ներկայիս մենք կը շարունակենք հիմնուիլ միջազգային իրաւունքի համապատասխան բոլոր հիմնական փաստաթուղթերու, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու եւ այլ փաստաթուղթերու վրայ», նշեց Քրեմլինի բանբերը։ Իսկ այս առաւօտ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ հրադադարի յայտարարութիւնը պիտի ապահովէ լիակատար բանակցային գործընթաց մը։ «Յայտարարութիւնը կ՚ակնկալէ անվերապահ անցում դէպի լիարժէք բանակցային գործընթաց՝ այս դժուար եւ բարդ խնդրի բոլոր երեսակներուն վերաբերեալ», ըսաւ ան։

ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐԸ

Հայաստանի հարեւաններն ալ արձագանգեցին հրադադարի յայտարարութեան։ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի յայտնեց, որ Կովկասի մէջ նոր դարաշրջան մը կը սկսի։ Ան Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շնորհաւորեց՝ ողբերգական պատերազմի աւարտին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը այլընտրանք չունին։ «Մենք միասին կը սկսինք համագործակցութեան նոր ժամանակաշրջանի մը», յայտնեց ան ընկերային ցանցերու վրայ։

Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու վարչապետները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, կարեւորեցին հրադադարի լիարժէք համաձայնագրի ձեռքբերումը եւ յոյս յայտնեցին, թէ անոր իրականացման ընթացքին կը պահպանուի դրական թափը։

Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ կ՚աջակցի կողմերու երկխօսութեան։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ վրացական կողմը պատրաստակամ է միջազգային հանրութեան հետ միասին նպաստել հաշտութեան գործընթացին։ Նոյն յայտարարութիւնով յոյս յայտնուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը կը նպաստէ հակամարտութեան ամբողջական կարգաւորման։

Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց հրադադարի յայտարարութեան։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի այս կապակցութեամբ յայտնեց իր գոհունակութիւնը։ Երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով յոյս յայտնուեցաւ, թէ Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու ուղղեալ համաձայնութիւնը կայուն խաղաղութիւն կ՚ապահովէ տարածքաշրջանէն ներս։ Տեղեկացուեցաւ, որ Իրան պատրաստ է աջակցիլ շփման գծի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու տեղակայման՝ հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան երրորդ եւ չորրորդ կէտերու հիման վրայ։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միջազգային ընտանիքն ալ սկսած է արձագանգել հրադադարի համաձայնութեան։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ողջունեց համաձայնութիւնը ու մեծ ուրախութիւն յայտնեց այդ կապակցութեամբ։ Ան Ռուսաստանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղեալ ջանքերուն համար։ «ՄԱԿ կապի մէջ է Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի հասկնայ, թէ ինչպէս կրնայ աջակցիլ համաձայնագրին», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք։

Եւրոմիութիւնն ալ ողջունեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը։ «Այժմ կը վերլուծենք պատերազմի հետեւանքները եւ տարածքաշրջանի ներկայ դրութիւնը, այս բոլորէն յետոյ հանդէս կու գանք առանձին յայտարարութեամբ», տեղեկացուցին ԵՄ-ի աղբիւրները։

Իր կարգին, ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել եւս ողջունեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը։ Ըստ իրեն, սա կրնայ տարածքաշրջանէ ներս կարգաւորման համապարփակ քայլ մը դառնալ։ Հրադադարի համաձայնութիւնը կը նպաստէ կանխել ապագայ մարդկային կորուստները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020